1994ին Կնքուած Հրադադարի Ընթացքում Նման Դէպք Չի Գրանցուել. Մ. Յակոբեան
1404
0
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռը հարուածելով՝ հակառակորդը կ՛ըսէ այն, ինչ որ ցարդ ըսած է: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք պատերա՞զմ կ՛ուզէ՝ հրամանատարը հաստատած է. «Իմ կարծիքով՝ այո՛»:
\n Մովսէս Յակոբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի հետ 1994ին կնքուած զինադադարին ընթացքին նման դէպք չէ արձանագրուած: Հակառակորդը առաջին անգամ ըլլալով կիրարկած է հակաօդային պաշտպանութեան միջոց:
\n Հայկական կողմէն պատասխան՝ անպայման պիտի ըլլայ: «Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Մենք պարզելու ենք, թէ ինչ է եղել, յետոյ որոշումներ կայացնենք», նշած է հրամանատարը։
\n \n