January 01, 2026
Հալէպի Մէջ Զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Պահակը
- (0)

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965-ի ծնունդ) եւ վիրաւորուեցան տեղացի երկու անցորդներ: