Վալերի Պուայէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծը Արդէն Ներկայացուցած Է Ֆրանսայի Խորհրդարանին


Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի` Մարսէյէն ընտրուած երեսփոխան Վալերի Պուայէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացուցած է խորհրդարան: Ըստ նոր օրինագիծին, Ցեղասպանութեան ժխտման համար 5 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրօ տուգանք պիտի սահմանուի:

Թրքական կայքը կը տեղեկացնէ, որ շուրջ 80 հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Մարսէյէն ընտրուած Պուայէն 23 երեսփոխաններու ստորագրութեամբ օրինագիծը 4 նոյեմբերին յանձնած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ղեկավարութեան:

Նոր օրինագիծը ստորագրողներու շարքին է նաեւ հայ փաստաբան Փաթրիք Տեւեճեան:

Նախապէս Պուայէ յայտարարած էր, որ յոյսով է, որ օրինագիծը շուտով յայտնուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ:

Ան նշած էր, որ նոր օրինագիծը ինք արդէն ուղարկած է խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններուն, եւ ներկայիս արդէն 40-է աւելի երեսփոխաններ ստորագրութեամբ հաստատած են իրենց աջակցութիւնը նոր նախագիծին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.