Թուրք Գործարարներու Խումբ Մը Հայաստան Կ՛այցելէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- լրագրող Լենա Բադէեան կը տեղեկագրէ, որ Հայաստան կը գտնուին Թուրքիայէն եկած 30է աւելի գործարարներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն տեղւոյն շուկան՝ իրենց ներդրումներուն համար դաշտ փնտռելով: Թուրք գործարարները առաւելաբար հետաքրքրուած են տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան ոլորտով: Ձեռներէցներու, ծրագրաւորողներու, ձեւաւորողներու, վաճառքի մասնագէտներու, արտադրողներու մասնակցութեամբ Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, իսկ այսօր, Ուրբաթ օր, պիտի մեկնարկէ «Սթարթափ Ուիքենտ» միջոցառումը, որ Նոյեմբերի 8-9 պիտի շարունակուի Գիւմրիի մէջ:
Կլոր սեղանին ընթացքին հայ մասնագէտները իրենց թուրք գործընկերներուն ներկայացուցին տեղեկատուական ու հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի ձեռքբերումներն ու հեռանկարները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.