2015ին Սփիւռքի Նախարարութեան Ծրագիրներուն Առանցքը Պիտի Ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը


ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- 3 Նոյեմբերին Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովները շարունակած են 2015 թուականի պետական պիւտճէի օրէնքի նախագիծին վերաբերող քննարկումները:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ 2015 թուականին նախատեսուած ծրագիրները պիտի բխին Հայրենիք-Սփիւռք համաժողովէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին նուիրուած նախաձեռնութիւններէն։ Հ. Յակոբեան նշած է, որ «Արի տուն» ծրագիրի ֆինանսաւորումը աւելցած է 15 միլիոն դրամով: Ան առանձնացուցած է Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն եւ իրաքահայերուն համարկման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները եւ ֆինանսական ծախսերը:
Հանգիստի, մշակոյթի, կրօնի բնագաւառներուն վերաբերող ծրագիրներուն համար 2015 թուականին նախատեսուած է յատկացնել 26,118,4 միլիոն դրամ, իսկ մշակութային ծառայութիւններու ոլորտին՝ 13,393,2 միլիոն դրամ՝ 2014 թուականի 1,806,7 միլիոն դրամի փոխարէն:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան առանձնացուցած է այն առանցքային ծրագիրները, որոնց ուղղութեամբ նախարարութիւնը պիտի աշխատի 2015 թուականին: Հանգիստի եւ մարմնակրթութեան ծառայութիւններուն համար նախատեսուած է 1,850,1 միլիոն դրամ՝ 2014 թուականի 1,806,7 միլիոն դրամի փոխարէն:
Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներուն հեռարձակման եւ հրատարակչական ծառայութիւններու իրականացման համար 2015 թուականին նախատեսուած են 8,830,2 միլիոն դրամի յատկացումներ: Իսկ երիտասարդական ծրագիրներու իրականացման համար նախատեսուած է 826.6 միլիոն դրամ՝ 2014 թուականի 613.4 միլիոն դրամի փոխարէն:
Միացեալ նիստի աւարտին ոլորտներու պատասխանատուները՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Բունիաթեան, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Ռուբէն æաղինեան պատասխանած են պատգամաւորներուն հարցումներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.