Անգարա Կը Բողոքէ Շուն Մը Էրտողան Կոչող Գերմանական Դասագիրքին Դէմ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ մէջ գործածուող դասագիրքի մը մէջ յայտնուած ծաղրանկար մը զայրացուցած է Գերմանիոյ թուրքերն ու Անգարան: Զայրոյթի պատճառը այն է, որ գերմանական թերթէ մը վերցուած եւ գիրքին մէջ արտատպուած ծաղրանկարին մէջ պատկերուած շունը կը կրէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անունը:
Ըստ «Հապերլեր»ին՝ գերմանաբնակ թուրքերը պահանջած են գիրքէն վերցնել իրենց նախագահը վիրաւորող ծաղրանկարը, որ կը վերաբերի դէպի Գերմանիա թուրքերու զանգուածային տեղափոխութեան յիսնամեակին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծաղրանկարը դատապարտող յայտարարութիւն տարածած է Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, նշելով, թէ Գերմանիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիրը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.