Ազերի Հետախոյզներու Դատաքննութիւնը Կը Շարունակուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Ստեփանակերտի նստավայրին մէջ 3 Նոյեմբերին վերսկսած է ընթացիկ տարուան Յուլիսին Շահումեանի շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը ապօրինաբար հատած ատրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման խումբի երկու անդամներու՝ Շահպազ Կուլիեւի եւ Տիլհամ Ասքերովի գործով դատական նիստը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ դատաւոր Անատոլի Թադեւոսեան շարունակած է նախաքննութեան ընթացքին ամբաստանեալներ Տ. Ասքերովի եւ Շ. Կուլիեւի տուած ցուցմունքներու հրապարակումը:
Համաձայն Կուլիեւի տուած վկայութեան՝ Հասան Հասանովը ուզած է Սմբատ Ցականեանի վիզը ոլորել՝ զայն սպաննելու միտումով։
Կուլիեւ, վերահաստատելով այդ վկայութիւնը, պնդած է, որ Հասանով բռնութիւն բանեցուցած է երեխային վրայ, սակայն, ըստ անոր, իբր թէ չէ կրցած հասկնալ, որ ան այդպէս ըրած է երեխան շոյելո՞ւ, թէ անոր բռնանալու նպատակով։
Անգամ մը եւս հաստատելով, որ նկարահանումները ինք ըրած է Հասանի տեսախցիկով՝ Ասքերով նշած է, որ Հասանի ձեռքին կար քարտէզ մը, որով ան զինք կը կողմնորոշէր, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ նկարահանումներ պէտք է կատարել։ Յատկանշական է, որ վերոյիշեալ տեսախցիկին մէջ կային նաեւ Ատրպէյճանի մէջ գերի ինկած պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի հարցաքննութեան վերաբերեալ տեսանիւթեր, որոնց մասին Ասքերովը ըսած է, որ իբր թէ տեղեակ չէ եղած։
Պատասխանելով դատաւոր Ա. Թադեւոսեանի այն հարցումին, թէ մահացած Ս. Ցականեանը գիտէ՞ր, որ անոնք ատրպէյճանցիներ են, Ասքերով յայտնած է, թէ իրենք չեն ուզած, որ պատանին իմանայ իրենց ով ըլլալն ու ինչ նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուիլը, այլապէս կրնան այդ մասին յայտնել պատկան մարմիններուն։
Դատարանի հարցադրումով անդրադառնալով Կուլիեւի վկայութիւններուն՝ Ասքերով խօսած է յատկապէս իրեն առնչուող դէպքերուն մասին՝ հաստատելով, որ անոնք սուտ են։
Կուլիեւ կրկին պնդած էր նախաքննութեան եւ դատաքննութեան ընթացքին իր տուած այն վկայութիւններուն վրայ, համաձայն որոնց, ինքնաձիգի կրակոց լսելէ ետք դարձած ու տեսած է Հասանը՝ զէնքը ուսին, Տ. Ասքերովը՝ նստած, իսկ անոր ինքնաձիգի փողը դէպի սպաննուած պատանին ուղղուած էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.