Կովսականի Մէջ Հիւանդանոց Եւ Մանկապարտէզ Բացուած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ: Նախագահը ներկայ գտնուած է Կովսական քաղաքին մէջ նոր մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ան նշած է, որ նախադպրոցական կրթութեան ոլորտը միշտ ալ արժանացած է կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան, իսկ այսուհետեւ եւս ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի անիկա մնայուն զարգացում ապրի։
Կովսականի մէջ նախագահ Սահակեան մասնակցած է նաեւ ժամանակակից սարքաւորումներով վերազինուած եւ հիմնովին վերանորոգուած տեղամասային հիւանդանոցի բացման արարողութեան: Նախագահը նշած է, որ շրջաններուն մէջ արդի պայմաններուն համապատասխանող բժշկական հաստատութիւններուն առկայութիւնը կը հանդիսանայ առողջապահութեան զարգացման հայեցակարգային ուղղութիւններէն մէկը՝ հաստատելով, որ պետութիւնը պիտի շարունակէ մեծ ծրագիրներ իրականացնել այս բնագաւառին մէջ։
Նոյն օրը երկրի ղեկավարը այցելած է Թոնդիրգետի ոսկիի հանքավայր, ուր ծանօթացած է տարուած աշխատանքներուն եւ առկայ խնդիրներուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է լեռնահանքարդիւնաբերական մարզին ունեցած մեծ կարեւորութիւնը երկրին մէջ՝ զայն համարելով Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է սփիւռքահայ բարերար Վարդան Սերմաքեշին այս ռազմավարական ծրագիրը կեանքի կոչելուն համար՝ զայն նկատելով հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ու հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: