Արցախը Պիտի Դառնայ Ձկնկիթ Արտածող Կարեւոր Տարածք


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ զուիցերահայ գործարար, «Արցախ ՀԷԿ» ընկերութեան մեծ բաժնետէր Վարդան Սերմաքեշի ընկերակցութեամբ 26 Հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Մարտակերտի շրջան, ուր այցելած է շարք մը ձեռնարկութիւններ։
«Արցախ ՀԷԿ»ի կայաններուն մէջ Վ. Սերմաքեշին ներկայացուած են հայկական առաջին բաց բաժնետիրական ընկերութեան կատարած աշխատանքները, որոնց շնորհիւ վերջին տարիներուն զգալի կերպով բարձրացուած է հանրապետութեան ելեկտրական բնագաւառի անկախութիւնը: Անոնք այցելած են նաեւ «Բէյզ Մեթըլզ» հանքարդիւնաբերական ընկերութեան Դրմբոնի հանքավայր եւ հետեւած են արտադրական գործընթացին: Վարչապետը բարձր գնահատած է այդ ոլորտին դերակատարութիւնը Արցախի տնտեսութեան զարգացման իմաստով՝ կարեւոր նկատելով հանքարդիւնաբերութեան մէջ եւս զուիցերահայ գործարարին կատարած ներդրումները:
Այնուհետեւ անոնք այցելած են սահմանամերձ Մատաղիս համայնքի վարչական տարածք, ուր Վ. Սերմաքեշի ֆինանսական ներդրումներով մեկնարկած է Արցախի տնտեսական մեծածաւալ նախագիծերէն մէկուն՝ սեւ ձկնկիթի արտադրութեան ենթակառուցուածքներու շինարարութիւնը: Կառուցուող ձկնաբուծարանի շուրջ 350 ջրաւազաններուն մէջ շուտով պիտի դրուին առաջին ձկնկիթները: Ըստ նախագիծին՝ յառաջիկայ տարիներուն Արցախը պիտի դառնայ այդ սննդամթերքի մեծ արտադրողներէն ու արտածողներէն։
Բացի ակնկալուող տնտեսական արժէքէն՝ Ա. Յարութիւնեան ընդգծած է նաեւ ծրագիրը սահմանամերձ շրջանին մէջ իրականացնելու հանգամանքը, ինչ որ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ շրջակայ գիւղերու բարգաւաճման համար: Վարչապետն ու գործարարը տեղւոյն վրայ ծանօթացած են իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին, քն-նարկած են յառաջիկայ ծրագիրները:
Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է Վ. Սերմաքեշի մասնակցութիւնը հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման մէջ, որ կը ներառէ շարք մը ոլորտներ՝ գիւղատնտեսութիւն, դրամատնային համակարգ, ջրելեկտրականութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն՝ շեշտելով, որ անոր ներդրումներու ծաւալը արդէն իսկ կը շրջանցէ քանի մը տասնեակ միլիառ դրամի սահմանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.