Ատրպէյճան Լոպիական Նոր Հիմնարկ Կը Վարձէ՝ Իր Վարկը Վերականգնելու Յոյսով


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց հեղինակութիւնը վերականգնելու նպատակով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վարձած են Հանրապետական կուսակցութեան նախկին խորհրդական եւ քաղաքագէտ Լիզ Մէյըրը՝ 6 ամիսով պայմանագիր կնքելով անոր հետ։ Վերջինս իր «Մէյըր Սթրեթիճիզ» ընկերութեան միջոցով պիտի փորձ ազդեցութիւն բանեցնել ամերիկեան հանրային կարծիքին ու քաղաքական շրջանակներուն վրայ, Պաքուի ի նպաստ կեցուածնքեր ապահովելու յոյսով։
Ըստ «Ազատութիւն» կայանի կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածի մը՝ Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը արդէն ստորագրած է պայմանագիրը եւ ընկերութեան ամսական 15,000 տոլար պիտի վճարէ իր սպասարկութեանց փոխարէն:
Կայանին համաձայն՝ Պաքու այս քայլը առած է՝ նկատի ունենալով երկիրի մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին պատճառով արեւմտեան երկիրներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեանց սաստկացող քննադատութիւնները:
Ըստ յօդուածին՝ Կայունութեան եւրոպական նախաձեռնութիւն («European Stability Initiative») կազմակերպութեան համաձայն՝ Եւրոխորհուրդի նախարարներու խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Պաքուի իշխանութիւնները կտրուկ կերպող սաստկացուցած են քաղաքացիական հասարակութեան վրայ բռնաճնշումները՝ միաժամանակ փորձելով երկիրը ներկայացնել իբրեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կարեւոր դաշնակից, ինչպէս նաեւ կարեւոր դերակատար ուժանիւթի ապահովութեան ոլորտին մէջ: Սակայն, քննադատները Պաքուն կը մեղադրեն Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու բնագաւառի տխուր իրավիճակէն ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով՝ Ուքրանիոյ ճգնաժամը շահագործելու յանցանքով։ Յօդուածը կը յիշեցնէ, որ 2013ին, Ամերիկայի մէջ լոպիական ծախսերու առումով, Ատրպէյճան գտնուած է 10րդ դիրքի վրայ՝ ծախսելով մօտաւորապէս 2.3 միլիոն տոլար: Կը նշուի նաեւ, որ Ատրպէյճան ամսական 50,000 տոլար վճարելու պայմանով համաձայնագիր ստորագրած է յայտնի «Փոտեսթա Կրուփ» լոպիական ընկերութեան հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.