Պերլին Արդիւնք Կ՛ակնկալէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպումէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ յառաջիկային Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»։ Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին։
Ան նշած է, որ շատեր պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն այս հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ, նաեւ՝ հակամարտող կողմերը: Ան կարեւոր նկատած է այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պատրաստակամ են հանդիպելու՝ ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահի հրաւէրին:
էդուարդ Նալբանդեան նաեւ դիտել տուած է, որ Հայաստան խնդիրի խաղաղ կարգաւորման առնչութեամբ ամէն ինչ կ՛ընէ, անիկա պատրաստ է ընթանալ խնդիրի կարգաւորման եռանախագահող երկիրներու նախագահներու ընդունած յայտարարութիւններուն հիման վրայ, մինչդեռ Ատրպէյճանի կողմէ ցարդ որեւէ պատրաստակամութիւն չեն նկատած:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն, որոնք վերջին երկու տասնամեակին ընթացքին մնայուն զարգացում ապրած են։ Շեշտուած է, որ այդ կապերը յատկապէս վերջին հանգրուանին մեծապէս աշխուժացած են, եւ այս իրողութեան վկայութիւնն են քաղաքական համագործակցութիւնն ու փոխայցելութիւնները։
Անկէ առաջ երկու նախարարները ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին կատարուած է նաեւ Հայաստան–Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններուն, անոնց իրաւական նոր հիմք ստեղծելուն ուղղուած աշխատաքներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան գերմանացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ նիւթերու՝ ուքրանական ճգնաժամին, Սուրիոյ, Իրաքի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ, անդրադարձած են իրանեան կորիզային ծրագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.