Քրտական Կուսակցութիւնը Անգարայէն Կը Պահանջէ Ընդունիլ Հայերու Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութիւնը


Թուրքիա բնակող քիւրտերու «ժողովուրդներու դեմոկրատական կոնգրէս» (HDK) կազմակերպութիւնը իր կողմէ տարածուած շրջաբերականին մէջ նշած է, որ Թուրքիան պէտք է ընդունի 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր մեղքը:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի տեղեկացմամբ` հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը խաղաղութեան սպառնացող, վտանգ պարունակող արտայայտութիւններ կ’ընէ:

Կոնգրէսը իշխանութիւններէն պահանջած է հրաժարիլ Սուրիոյ մէջ վարչակազմը փոխելու  նպատակ հետապնդող «Անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու փնտրտուքներէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.