9 Դեկտեմբերը Հայաստանի Մէջ Կրնայ Յայտարարուիլ Յիշատակի Օր՝ Բոլոր Ցեղասպանութիւններու Զոհերուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է «Օսմանեան կայսրութիւնում պոնտոսայոյների, ասորիների, եզդիների եւ այլ ազգերի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը:
Այս հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան 23 Հոկտեմբերի օրակարգին վրայ: «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նպատակայարմար է համարում ներկայացուած առաջարկութեան փոխարէն Դեկտեմբերի 9ը յայտարարել բոլոր Ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակման օր՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման եւ պատժման» կոնվենցիան ՄԱԿը ընդունել է 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ին: Ելնելով շարադրուածից, Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն ընդունելի կը համարի իր կողմից ներկայացուած առաջարկութեան ընդունման դէպքում», նշուած է թղթածրարին վերաբերեալ գործադիրի եզրակացութեան մէջ:
Ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու ատեն յարակից զեկուցմամբ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.