Հոկտեմբեր 19-ը Հայաստանի հրթիռահրետանային զօրքերու օրն է


1992-ի հոկտեմբեր 19-ին հիմը դրուեցաւ Հայաստանի բանակի հրթիռահրետանային ստորաբաժանումներուն: Այդ օրէն ի վեր, հոկտեմբեր 19-ին հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը նշուի Հրթիռահրետանային զօրքերու օրը:

Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին Հայաստանը զգալիօրէն ամրապնդած է հրթիռահրետանային իր զինապահեստը:

Հրթիռահրետանային զօրքերու օրուան առթիւ այս զօրքերու բանակային զօրամասերուն մէջ յատուկ հանդիսութիւններ տեղի կ՚ունենան։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.