Արցախի Խմբակ՝ Եւրոպայի Խորհրդարանին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան աջակցութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբեր 15ին ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի խմբակը, որ նպատակ ունի խթանել քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական կառավարման համակարգերը, ինչպէս նաեւ՝ եւրոպական արժէքներու տարածումը Արցախի տարածքին:
Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան համաձայն՝ ԵԽ որոշ անդամներ պատրաստակամութիւն յայտնած են անդամակցելու խմբակին, որուն ղեկը պիտի ստանձնէ Ֆրանք Էնկելը։
Եւրոպական քաղաքական ընտանիքի՝ ազգութեամբ տարբեր ներկայացուցիչներէ կազմուած ԼՂ խմբակը պիտի նպաստէ Եւրոմիութեան պաշտօնեաներուն ու այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն եւ Արցախի միջեւ կապերու հաստատման, միաժամանակ՝ խթանելով ճանաչողական այցերու կազմակերպումը դէպի տարածաշրջան: Ոչ-պաշտօնական խմբակը պիտի զբաղի նաեւ միջազգային խումբերուն եւ ԵՄ ծրագիրներուն մէջ Արցախի ներկայութեան հարցով:
«Այս խմբակը կը միաւորէ տարածաշրջանին հանդէպ գիտելիք ունեցող եւ հետաքրքութիւն ցուցաբերող մարդիկը, որոնք պատրաստ են Ղարաբաղի ժողովուրդին տրամադրութեան տակ ըլլալու։ Կը փափաքինք մարդիկը իրազեկ դարձնել տարածաշրջանին չճանչցուած մէկ հատուածին մասին, որ, ի վերջոյ՝ ժողովրդավար հանրապետութիւն է եւ կը ցուցաբերէ համապատասխան վարքագիծ», նշած է Էնկել:
ԼՂ ներկայացուցիչները ողջունած են այս նախագիծի համագործակցութեան կոչերը:
Նմանատիպ խումբեր կան Ֆրանսայի եւ Լաթվիոյ խորհրդարաններուն մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.