Նոր հրատարակութիւն. «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը»


Առաջին համաշխարհային պատերազմի շուրջ մնացած ամէնէն վիճելի հարցումը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է» սուր կերպով պիտի հնչէ, երբ 24 Ապրիլ 2015-ին հայերը աշխարհի տարածքին նշեն Օսմանեան թուրք կառավարութեան ձեռքով 1,5 միլիոն հայերու սպանութեան 100-ամեակը։ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել, թէ այդպիսի բան տեղի ունեցած է, իսկ եթէ տեղի ունեցած է, ապա անիկա արդարացուած էր։

Այս մէկը միջազգային կարեւոր հարցի մը վերածուած է։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու քսան խորհրդարաններ ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, սակայն Բրիտանիա երկդիմի քաղաքականութիւն կը վարէ այս հարցին նկատմամբ։ Աւստրալիոյ մէջ երեք նահանգային կառավարութիւններ ճանչցան ցեղասպանութիւնը (հակառակ Կալլիփոլիի ոգեկոչումին երեսփոխաններու մասնակցութիւնը արգիլելու սպառնալիքներու), սակայն Ապպոթի կառավարութիւնը թուրքերուն ըսած է, որ Աւստրալիան ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար։

Ճէօֆրի Ռապըրթսըն (Թագուհիի խորհրդական) այս մտայնութիւնը կ՚ատէ։ Անոր «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը» գիրքը հաստատ կերպով կը փաստէ, որ 1915-ի ահաւոր դէպքերը, որուն ականատես եղած են պատերազմին գերեվարուած աւստրալիացի զինուորները, մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ այսօր ծանօթ է իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Ան այս գիրքին մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէս ժողովրդավարական երկիրներ կրնան ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ առանց խօսքի ազատութիւնը մերժելու, եւ մեծ նպաստ բերել բոլոր ոճիրներու յոռեգոյնը հասկնալուն եւ կանխարգիլելուն։ Ռապըրթսըն կը դատապարտէ, Սրի Լանքայէն մինչեւ Սուտան, Հին Անատոլուէն մինչեւ արդի Կազա, բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն մանուկներու եւ քաղաքացիներու զանգուածային սպանդը արդարացնել յանուն ռազմական կարիքի։

Ճէօֆրի Ռապըրթսըն մարդկային իրաւանց փաստաբան մըն է եւ ՄԱԿ-ի մէջ պատերազմական ոճիրներու դատաւոր մը։ Ան մասնակից էր զօրավար Փինշոշէին եւ Հէյսթինկզ Պանտայի դատավարութեանց, ինչպէս նաեւ Սատտամ Հուսէյնը դատած դատաւորներու մարզումին։ Անոր «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ» գիրքը ներշնջած է համաշխարհային արդարութեան շարժումը, ան նաեւ հեղինակն է մեծ գնահատանքի արժանացած «Արդարութեան խաղը» յուշերուն եւ «Լրատուամիջոցներու օրէնք» դասագիրքին։ Ռապըրթսըն Լոնտոնի համալսարանի Քուին Մերի Քոլեճի այցելու դասախօս է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.