«Քալիֆորնիոյ Ամերիկահայ Թանգարան» Հաստատելու Նախաձեռնութիւն


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 29ին հանդիպում մը ունեցած են Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի եւ քաղաքի վարիչ Սքաթ Օչաուայի հետ, առաջին քայլը առնելով Կլենտէյլի մէջ Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ թանգարանը հաստատելու նախաձեռնութեան։
«Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը առիթ մըն է Ցեղասպանութեան վերապրողներուն ու անոնց յաջորդող սերունդներուն՝ փորձառութիւնները վերածելու ժողովրդավարական ընկերութեան մը մէջ ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը պահպանելու գործիքի», կը յայտնէ 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբի համաատենապետ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան։
Հանդիպման ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան վերոնշեալ պաշտօնատարները տեղեկացուցած է, թէ 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբը միաձայնութեամբ որոշած է Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարանը հաստատել Կլենտէյլի մէջ։
Նահանգը արդէն իսկ հարուստ է բնիկ ամերիկացիներու, սպանախօսներու, ափրիկեցի ամերիկացիներու, չինացի ու ճափոնցի ամերիկացիներու, հրեաներու եւ Ողջակիզման, իտալացի եւ քորէացի ամերիկացիներու եւ այլ հաւաքականութեանց յատկացուած թանգարաններով, որոնք Քալիֆորնիա այցելողներուն կը ծանօթացնեն նահանգին մէջ ապրող տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւնն ու անոնց մշակութային հարստութիւնները։
100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբի անդամ Թալին Եագուպեան աւելցուցած է, թէ նման թանգարան մը մէջտեղ բերելու նպատակով կազմուած ենթայանձախումբի անդամները, վերջին 10 ամիսներուն ընթացքին, հարիւրաւոր ժամեր տրամադրած են ծրագրումի աշխատանքներուն, որոնց արդիւնքը պիտի նպաստէ համայնքի հզօրացման ու յաւեալ յարգանքի ապահովման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շեշտած է, որ 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբը յանձնառու է այս ծրագիրի իրագործման, որովհետեւ հասած է այն համոզումին, որ ամերիկահայութեան նեդերումներն ու անոր ձգած եւ ձգելիք ժառանգը պիտի նպաստէ արդարութեան եւ աւելի լաւ աշխարհի մը ապահովման։
«Յառաջիկայ շաբաթներուն, 100ամեակի միացեալ յանձնախումբը շարք մը հանրային հաւաքներու եւ քննարկումներու միջոցաւ, նաեւ համացանցային կայքով մը, պիտի ներկայացնէ թանգարանի հաստմաման աշխատանքներու մանրամասնութիւնները», կը յայտնէ 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբի քարտուղար Լենա Պօզոյեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.