ՀԲԸՄ 130 Հազար Տոլար Պիտի Յատկացնէ Սուրիահայ Ուսանողներու
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ.- 2013ի Հոկտեմբերին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան նախարարութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իրականացուցած էին Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններէն ներս ուսում ստացող սուրիահայ ուսանողներու՝ 2013-2014 տարեշրջանի ուսման ծախսերու փոխհատուցման ծրագիր մը: Այդ ծրագիրով, ՀԲԸՄը, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնն ու ՀՀ կառավարութիւնը յաջողեցան փոխհատուցել 2013-2014 տարեշրջանի սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակները: Սուրիահայ 380 ուսանողներ օգտուեցան նշեալ ծրագիրէն:
\n Նկատի ունենալով ծրագիրին կենսական նշանակութիւնը՝ սուրիահայ ուսանողներուն ամէն գնով աջակցելու պատրաստակամութիւնը, ՀԲԸՄը 2014-2015 եւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջաններուն պիտի շարունակէ այդ ծրագիրը՝ յատկացնելով տարեկան 130 հազար տոլար: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը նոյնպէս յայտնած է ծրագիրին համար տարեկան 130 հազար տոլար յատկացնելու իր պատրաստակամութիւնը, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը, իր կարգին, սուրիահայ ուսանողներու համար արդէն իսկ կիրառուող զեղչերուն կողքին, պիտի յատկացնէ եւս յաւելեալ գումար:
\n Նկատի ունենալով Հայաստան փոխադրուած սուրիահայ ուսանողներու թիւի շարունակական աճը ու ծրագիրին մէջ հնարաւոր չափով մեծ թիւով ուսանողներ ընդգրկելու ընդհանուր մօտեցումը՝ կողմերը նախապատուութիւն տուած են դիմումներու մեծամասնութիւնը կազմող պսակաւոր արուեստի (BA) ուսանողներուն ուսման ծախսերու փոխհատուցման։
\n Այնուհանդերձ, առաւելագոյն արդարութիւն ապահովելու եւ մագիստրոսի ուսանողներուն նոյնպէս աջակցելու մտահոգութեամբ, կողմերը, այժմ, յստակ չափանիշներու կիրառումով ու առկայ պիւտճէի սահմաններուն մէջ, կը քննարկեն այս ուսանողներուն եւս օգնելու հնարաւորութիւնները:
\n \n