«Սուրիոյ Մէջ կան Գիւղեր, Ուր Ցեղասպանութենէն Ետք Իսլամացուած Հայերու սերունդներ Կ’ապրին». Ժիրայր Ռէյիսեան

\n

\n

(Լուսանկարը՝ Պաղտիկ Գույումճեանի) 

\n

Այսօր շատ կը խօսուի իսլամացած հայերու մասին, յատկապէս` Թուրքիոյ մէջ ապրող: Սակայն, ծագումով հայեր կ’ապրին նաեւ Արաբական որոշ երկիրներու, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, այս հարցի շուրջ “Հայերն այսօր” կայքէջը զրուցած է Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի քարտուղար, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանի հետ.

\n

Եթէ խնդիրը միայն կրօնական տեսանկիւնէն պէտք է դիտենք, ապա նման մարդիկ կարելի է կոչել մէկ անունով` իսլամացած հայեր: Թուրքիոյ մէջ խնդիր կայ Իսլամացած հայերու, որոնք պարտադրուած իսլամացած են (սա խօսակցութեան առանձին նիւթ է) եւ Արաբական աշխարհի, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ, որուն ես քիչ մը  աւելի ծանօթ եմ: Անոնց մէջ կան եւ՛ կորսուած, եւ՛ իսլամացած, բայց իրենց արմատները տակաւին յիշող, իրենց պատկանելիութիւնը պահող հայեր: Անշուշտ, հնարաւոր է, որ շատերը չեն գիտեր անոնց մասին, յատկապէս, որ իրենք ալ չեն համարձակիր բարձրաձայնել իրենց պատականելիութեան մասին:

\n

Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերը կարելի է բաժնել մի քանի խումբի: Խօսիմ օրինակներով: Ցեղասպանութեան օրերուն, անապատի կողմէն Տէր Զօր եւ Ճէզիրէի շրջան հասած գաղթական հայերուն, տարբեր պատճառներով տէր կանգնած են արաբ շատ ցեղախումբեր:

\n

Եղած են մարդիկ, որոնք իգական սեռի ներկայացուցիչները ամուսնացուցած են արաբ երիտասարդներու հետ եւ անոնց զաւակները յետագային հպարտութեամբ կը յիշեն, որ իրենց մեծ մայրը հայ եղած է: Ես, օրինակ, Ճէզիրէի շրջանը այցելելու ժամանակ հանդիպեցայ ցեղախումբի մը, որուն մեծ մայրը հայ էր: Երբ փոքրիկ, հողաշէն տունէն ներս մտանք, հարիւրի սահմանին մօտ գտնուող կինը նստած էր գետնին: Ան շատ քիչ բան կը յիշէր իր արմատներու մասին: Երբ ուզեցինք զինք իր թոռնիկներուն, ծոռներուն հետ նկարել, կնոջ շուրջը հարիւրէ աւելի մարդ հաւաքուեցաւ: Բնական է, որ այդքան մարդ, եթէ նոյնիսկ շշուկով փորձէ խօսիլ, աղմուկ կը բարձրանայ: Ամենահետաքրքրականը այն էր, որ երբ կինը ձեռքի գաւազանը զարկաւ գետնին, անմիջապէս քար լռութիւն տիրեց: Այդ մէկը կը վկայէր այն մասին, որ ինք տակաւին յարգանք, հեղինակութիւն եւ գուրգուրանք վայելող կին էր:

\n

Կան նաեւ այնպիսի դէպքեր, երբ արաբ ցեղախումբերը փրկած են հայ որբեր եւ զիրենք մեծցուցած իրենց ընտանիքի մէջ: Միաժամանակ ըսած են` մենք քեզի պահեցինք, մեծացուցինք, մեր ընտանիքի անդամ դարձուցինք եւ մեր զաւակներու հետ նոյն իրաւունքը քեզ տուեցինք, սակայն, գիտցիր, որ քու արմատներդ հայ են, եւ զինք ամուսնացուցած են ծագումով հայու հետ: Հետեւաբար, այս մարդոց ոչ թէ մեծ մայրը հայ եղածէ, այլ հայրն ալ, մայրն ալ ծագումով հայ են, եւ անոնց զաւակները, այսօր արաբական անուններ կը կրեն, իսլամ կը դաւանեն` կը յիշեն, որ մայրն ալ, հայրն ալ հայարմատ են:

\n

Երրորդ պարագան այն է, երբ ամբողջ գիւղի մը մէջ միայն ծագումով հայեր կ’ապրին: Օրինակ` Տէր Զօրի շրջանի մէջ ապրող Բագգարա ցեղախումբը փոքրիկ գիւղեր յատկացուցած է հայարմատ կնոջը, տղամարդուն, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են: Այդ գիւղերու մէջ միայն ծագումով հայ մարդիկ կ’ապրին: Այդ գիւղերէն մէկը կը կոչուի` Հաթլի: Անոնք գիտեն որ իրենք հօր եւ մօր կողմէն հայ են, եւ եթէ կրցած են յիշել, թէ իրենց հօր կամ մօր մականունը ինչ եղած է` փորձած են պահել: Օրինակ` այդ գիւղի մէջ կ’ապրի Մուհամետ Կարապետ անունով մէկը: Քիչ մը տարօրինակ կրնայ հնչել Մուհամետ Կարապետ անունը, բայց նման անուններ կրող մարդիկ շատ են Հաթլիի մէջ: Անոնք արաբ են, իսլամ եւ յաճախ կը յայտնեն, որ այո՛, մենք Բագգարա ցեղախումբի մէկ մասնիկն ենք, բայց նաեւ` հայարմատ:

\n

Մէկ այլ օրինակ բերեմ: Ճէզիրէի շրջանի մէջ կ’ապրի Աշիրէթ էրմենի շաթաթ անունով ցեղախումբը: Փորձենք թարգմանել ցեղախումբի անունը. աշիրէթ կը նշանակէ` ցեղախումբ, էրմենի` հայ, շաթաթ` ցրուած: Անունը արդէն ամէն ինչ կ’ըսէ ցեղախումբի մասին: Փաստօրէն, ան կազմուած է հայու բեկորներէ, որոնք իսլամ են` արաբ պետէուիններու պէս, սակայն, իմանալով, որ հայարմատ են` իրենց ցեղախումբը կոչած են` Աշիրեթ էրմենի շաթաթ:

\n

Այս է Արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու պատմութիւնը, հայեր, որոնց առաջին հանգրուանը Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիան էր:

\n

– Պարո՛ն Ռէիսեան, թէեւ անոնք այսօր արաբ են, իսլամ, բայց որեւէ բանով կ’առանձնանա՞ն արաբներէն:

\n

– Այո՛, բնականաբար: Օրինակ` Հաթլիի մէջ երբ երիտասարդները ամուսնութեան տարիքին կը հասնին, ծնողները անոնց կը պարտադրեն ամուսնանալ իրենց “նմանի” հետ` պատկանելիութեան գիծը պահելու համար: 2001 թուականին մենք յատուկ ձեռնարկով երախտագիտական յուշանուէրներով պարգեւատրեցինք այն արաբ ցեղապետերը, որոնց ցեղախումբերը մարդկային, հիւրընկալ վերաբերում ցուցաբերած էին մեր տարագիր մեծ հայրերու, մայրերու նկատմամբ: Նախապատրաստական աշխատանքներու օրերուն գացած էինք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր: Երբ յուշահամալիրէն դուրս ելանք, քահանան մօտեցաւ եւ, ցոյց տալով քիչ մը այն կողմ կեցած երիտասարդներ, ըսաւ, որ կ’ուզեն խօսիլ մեզի հետ: Երբ մօտեցայ, հարցուցի, թէ ինչով կրնանք օգտակար ըլլալ: Անոնք պատասխանեցին` գիտէք, մենք ծագումով հայ ենք, որքան ժամանակ է` կը ցանկանք մտնել այս յուշահամալիր, որ մեր սրտի հետ խօսող բան մը ունի, բայց չենք համարձակիր, որովհետեւ մենք այսօր արաբ ենք, իսլամ: Երիտասարդներիուխումբը Հաթլէյէն էր: Ես անոնց ըսի` ի հարկէ կրնաք, եթէ այդ արմատն ալ չունենայիք, դարձեալ կրնայիք մտնել: Երիտասարդները մտան յուշահամալիր, այցելեցին եկեղեցի, փոքրիկ աղօթք մը ըրին, իջան ցուցասրահ, ուր ցուցադրուած էին Եղեռնի մասին պատմող վկայութիւններ, դիտեցին, յուզուեցան եւ յետոյ ըսին, որ եթէ մենք ցանկանք մեր արմատներուն վերադառնալ` ինչ միջոցներ կան:

\n

Սուրիոյ եւ իսլամական երկիրներու մէջ այդ մէկը խորթ հնչող բան է, որովհետեւ իսլամական հասկացողութեամբ երբ որեւէ մէկը, որ իսլամ է, իր կրօնէն կը հրաժարի` մահուան արժանի է: Այդ անյարմարութիւններէն հեռու մնալու համար ես անոնց ըսի. «մենք ուրախ ենք, որ դուք չէք մոռցած Ձեր արմատները, չէք մոռցած Ձեր իրական պատկանելիութիւնը, սակայն, դուք ալ գիտէք, որ նման քայլեր ունին իրենց բացասական կողմերը: Պահեցէք Ձեր հայութիւնը, մենք ալ կը պահենք Ձեր նկատմամբ հարազատութիւնը` մնացեալը ձգելով ապագային, տեսնելով, թէ ան ինչ կը բերէ”:

\n

Նման մարդոց կողքին, սակայն, կան բոլորովին կորսուածներ, որոնք բան չեն յիշեր իրենց արմատներու, ինքնութեան մասին:

\n

– Պարո՛ն Ռէիսեան, այնուամենայնիւ, մեր վերաբերումը, այդ մարդոց նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ: Յատկապէս, որ մեր  Եկեղեցւոյ վերաբերումը այս առումով քիչ մը զգուշաւոր է:

\n

– Անշուշտ, որովհետեւ նման նիւթի արծարծումը, տարածումը, նոյնիսկ հնչեցումն արդէն իսկ խորթ է բոլոր իսլամներու, արաբներու համար: Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, երբ ոեւէ իսլամ կը հրաժարի իր կրօնէն, մահուան կը դատապարտուի: Անոնք կ’ընդունին, որ կրօնները, յատկապէս միաստուած կրօնները, յաջորդաբար եկած են` որպէս զարգացում: Այսինքն, Մովսէսականութենէն ետք եկած է Քրիստոսը` կատարելով մէկ քայլ առաջ, յետոյ եկած է Մուհամետը, որուն պարագային կրօնը նոյնպէս մէկ քայլ առաջ անցած է: Հետեւաբար, մարդը չի կրնար ետ երթալ: Անոնք, որոնք ետ կ’երթան, կը նահանջեն, ապրելու արժանի չեն:

\n

Եւ ճիշտ է, որ մենք պէտք է զգուշաւոր ըլլանք անոնց նկատմամբ, եւ մեր Եկեղեցին նոյնպէս:

\n

– Պարո՛ն Ռէիսեան, բայց այսօր Թուրքիոյ մէջ շատ են այն մարդիկ, ովքեր կը վերադառնան իրենց արմատներուն, կը մկրտուին: Միթէ՞ մենք պէտք է անտեսենք այս փաստը:

\n

– Թուրքիան տարբեր երկիր է, եւ պետութեան համար կրօնը եւ կառավարութիւնը իրարմէ անջատ են: Փոքրիկ օրինակ մը բերեմ: Սուրիոյ մէջ, Արաբական աշխարհի մէջ, եթէ ամուսնութիւնը կրօնական իշխանութիւններու կողմէն չվաւերացուի, պետութիւնը նոյնպէս չի վաւերացներ: Բայց Թուրքիոյ մէջ այդպէս չէ: Ամուսնութիւնը կրնայ գրանցուիլ միայն դատարանի մէջ եւ օրինական համարուիլ:

\n

 Այնպէս որ, Թուրքիոյ պարագան տարբեր է:

\n

– Բայց, այնուամենայնիւ, հետաքրքրական է լսել Ձեր անձնական կարծիքը: Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ մեր վերաբերումը այն մարդոց նկատմամբ, ովքեր, անտեսելով վտանգը, կը բարձրաձայնեն իրենց իրական ինքնութեան մասին:

\n

– Ես չեմ ուզեր ընդհանուր կարծիք յայտնել, պարզապէս իմ անձնական համոզումս ըսեմ: Ողջունելի է, պէտք է հոգ տանիլ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, բայց նաեւ` զգուշաւոր ըլլալ, որովհետեւ այս ձեւով կրնայ սպրդումներ ըլլալ: Այսինքն, նման զգացումով մօտեցող ոեւէ մէկը անմիջապէս գրկաբաց ընդունելն ալ այդքան ճիշտ չէ, որովհետեւ քաղաքական աշխարհի մէջ նման սպրդումներ, թափանցումներ միշտ եղած են եւ ի վնաս կրնան ըլլալ:

\n

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.