ԱՄՆ քոնկրէսէն կը պահանջեն քուէարկութեան դնել թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձի օրինագիծը
1756
0
Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբը Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձի ազգային քարոզարշաւի մը ձեռնարկած է:
Ան կոչ կ՚ընէ Ամերիկահայերուն հոկտեմբեր 7-ին զանգահարել ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութեան առաջնորդ Քէվին Մըքքարթիին, որպէսզի ան լսումներու եւ քուէարկութեան համար օրակարգի նիւթ դարձնէ ՆՊ 4347 օրինագիծը` ապահովելու Թուրքիոյ կողմէ իւրացուած ու բռնագրաւուած հայկական եւ քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու վերադարձը տէրերուն:
Oրինագիծը կը պաշտպանէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներու կրօնական ազատութիւնները: