Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի կոչը ոստանի հայրենակիցներուն


Հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին, չափահասին եւ երէցին տաքուկ տունն է Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը:

50 տարիներ առաջ, Թորոնթօ հաստատուած խումբ մը երիտասարդներ անմիջապէս՝ անվախօրէն ծրագրեցին կեդրոն մը հիմնել, ուր միութենական ժողովները, հաւաքոյթները, խրախճանքները, տօնակատարութիւնները, տօնավաճառները եւ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենային։ 

ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութիւնը, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Սիմոն Զաւարեան» ուխտը միասնաբար այդ երազը իրականացուցին։ 18 Dupont փողոցի վրայ հիմնուած Հայ Կեդրոնը եղաւ աշխոյժ վայր մը ուր ծնունդ առին ՀՄԸՄ Թորոնթոյի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերը եւ ապա Հայ Երէցներու Ընկերակցութիւնը։

12 տարիներ վերջ, այդ «փեթակ»ը արդէն նեղ կու գար…

 Նոյն յանդգնութեամբ, բոլոր միութիւնները միասնաբար խորհեցան, ձգտեցան եւ կառուցեցին 45 Hallcrown-ի Հայ Կեդրոնը։ Կեդրոնին զուգահեռ հիմնեցին ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզն ու Գոլոլեան Նախակրթարանը, որոնց հետագային աւելցաւ Երկրորդական բաժինը: Վարժարանը ներկայիս ունի ծիլէն մինչեւ ԺԲ. կարգեր։

 Կեդրոնին կից կառուցուեցաւ «Ս. Աստուածածին» Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, ապա 50 Hallcrown-ի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը որ կ’ընդգրկէ ՀՄԸՄի մարզադաշտը, «Համազգային» թատերասրահը եւ երկրորդական կարգերու դասարանները։

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը, գաղութին նեցուկ կանգնելու իր ամէնաէական պարտականութեան ծիրէն ներս,  ունեցաւ հեռանկարը եւ երրորդ անգամ ըլլալով յանդգնութիւնը՝ 45 Hallcrown-ի կառոյցը բարեզարդելու եւ ընդլայնելու եւ 30 տարիներու գործածութենէն ետք՝ թորոնթոհայ գաղութին ներկայացաւ վերանորոգուած ու ընդլայնուած շքեղ կեդրոնով մը։

 Հայու շինարար ոգին, բոյն շինելու բնազդը եւ յառաջդիմելու բուռն փափաքը մղեցին թորոնթոհայութիւնը տէր կանգնելու օրինակելի կեդրոնի մը, իր վարժարանով, եկեղեցիով, «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամով, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթով, ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, երիտասարդականի, պատանեկանի մասնաճիւղերով եւ Երէցներու ընկերակցութեամբ։ Հիմա, պատկանելիութեան զգացումէն մղուած, բոլորիս հաճելի պարտականութիւնն է մեր նիւթական ներդրումը բերել, ի նպաստ Հայ Կեդրոնին:

Օ՛ն, սիրելի հայրենակից, միասնաբար մեր ջանքը, ուժը, կորովը գործի լծելու, Հայ Կեդրոնին կոկիկ գումար մը ապահովելու եւ $ 3.5 միլիոնի պարտքը նուազեցնելու համար:

 Հաւատալով որ Հայ Կեդրոնը Տունն է Հայուն, մեր ներդրումը բերե՛նք այսօր, վաղուան սերունդին բարօրութեան համար։

 

 Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Հանգանակիչ Մարմին


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.