Հակահայ «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն կը պատրաստուի 2015-ին
Հակահայ գործունէութիւն դրսեւորող թրքական կազմակերպութիւներէն «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանության 100-ամեակին: Այս մասին յայտարարած է նշեալ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Բեքինը՝ Ատրպէյճանական vesti.az կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Այն հարցին, թէ թրքական կողմը ինչպիսի՞ միջոցառումներ կը նախատեսէ հակազդելու համար Հայող ցեղասպանութեան 100-ամեակի հայկական նախաձեռնութիւններուն, Բեքինը պատասխանած է. «իմ տեղեկութիւններով որոշ կազմակերպութիւններու հետ միասին թրքական պետութիւնը գրքեր պիտի հրատարակէ: «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն 2014-ի Հոկտեմբեր 12-ին խորհրդակցական ժողովի պիտի հրաւիրէ իր անդամները, որպէսզի բոլորին ներկայացնենք 2015-ին նախատեսուած մեր գործունէութեան ծրագիրը»:
Թրքական «Ուլուսալքանալ» լրատուական կայքթջի հաղորդմամբ՝ նոյն հակահայ գործիչը տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գիտաժողովներ կազմալերպել, հեռարձակել հաղորդումներ տարբեր ռատիոկայաններով ու հեռուստաալիքներով: