5 նորագիրներ համալրեցին Համիլթընի ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան շարքերը
1238
0
Անցնող շաբաթավերջին, Համիլթընի Հայ կեդրոնին մէջ, հինգ նորագիրներ, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ծառայելու Դաշնակցականի երդումը տալով, միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Վռամեան» կոմիտէութեան շարքերուն:
Գանատահայութեան պատմութեան մէջ, Համիլթընի ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան անունը առաջին անգամ յիշատակուած է 1907-ին։
1950 թուականին, «Վռամեան» կոմիտէութեան ջանքերով կառուցուած է Համիլթընի առաջին Հայ կեդրոնը։ 1994-ին, «Վռամեան» Կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, գնած է նոր շէնք մը, որ վերանորոգուելով դարձած է Համիլթընի նոր Հայ Կեդրոնը, որուն բացումը կատարուած է 1995-ի Նոյեմբերին։