Գառնիկ Սարգիսեանի Համերգը Ստեփանակերտի Մէջ
1777
0
29 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 19:30ին, հակառակ յորդ անձրեւին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի մենահամերգը:
Համերգին ներկայ էին արցախցիներ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հիւրեր, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին Գառնիկ Սարգսեանը՝ առաջին իսկ կատարումներէն: Վերածնունդի հրապարակին վրայ ամէնուր կը թեւածէր հայրենասիրական ոգին: Արցախցիները տակաւին Արցախեան պատերազմի տարիներէն ծանօթ են Գառնիկ Սարգիսեանի երգերուն, ուստի անոնք ձայնակցեցան անոր։
Համերգը կը հովանաւորէին Լեռ-նային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Հրաչ Ճապրայեանը եւ «Ղարաբաղ Տելեքոմ» ընկերութիւնը: