Թուրքերը Մտավախութիւններ Ունին Հայկական Միութիւններուն Նկատմամբ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ աշխատանքներ իրականացնող կազմակերպութեան արեւելեան եւ հարաւարեւելեան Անատոլիոյ (արեւմտեան եւ հարաւարեւմտեան Հայաստանի, «Ակունք»ի խմբ.) տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշ զգուշացուցած է քաղաքացիները տարածքին մէջ հայերու նորաստեղծ միութիւններուն հարցով:
Ըստ «Հապերլեր»ի՝ Էրմիշ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ հայերը իրենց միութիւնները կը հիմնեն ոչ թէ Անթալիոյ, Պուրսայի կամ Իզմիրի մէջ, այլ՝ Վանի, Կարսի, Մուշի, Մալաթիոյ մէջ:
«Այս միութիւններուն տակ թաքնուած է 2015 թուականին վերաբերեալ հայերու քարոզչութիւնը», ըսած է Էրմիշ՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով, որ եթէ հայերը շարունակեն օգտագործել վերոյիշեալ տարածքները յօգուտ իրենց, ապա Թուրքիոյ համար մեծ վտանգ կրնայ յառաջանալ:
Կրկին անդրադառնալով Երեւանի մէջ նամազ ընելու թուրքերու պահանջի մերժումին՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, Էրմիշ ըսած է. «Իսկ անոնք արեւելեան Անատոլիոյ մէջ միութիւն կը հիմնեն: Մենք չենք հասկնար այս հակասութիւնը: Մենք կը պահանջենք, որ արեւելեան Անատոլիոյ ժողովուրդը արթուն մնայ»: