ԵԶԻՏԻՆԵՐՆ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ՏԱՂԻ ՀԱՅԵՐԸ
Ճես Օլսըն «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի մէջ կը գրէ, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ բնակող եւ շատ ծանօթ չեղող կրօնական փոքրամասնութեան՝ եզիտիներուն դիմագրաւած ճգնաժամը արեւմուտքցի մարդասէրներու ուշադրութեան արժանացաւ։ Դարերէ ի վեր Նինուէ շրջանին մէջ բնակող եւ անծանօթ հաւատքի մը հետեւորդները ապաստանեցան անմարդաբնակ Սինճար լեռ՝ սպասելով օտար ուժի մը կողմէ փրկութեան։
Նկատառելի կերպով նոյնպիսի պատմութիւն մը աւելի քան 80 տարի առաջ պատմուած է գերմանախօս հրեայ վիպագիր Ֆրանց Վերֆելի կողմէ՝ իր կոթողային «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» վէպին մէջ։ Այսօր գրեթէ անծանօթ 900 էջնոց այդ վէպը Վերֆելի օրերու հրեայ ընթերցողներու մօտ մեծ ընդունելութիւն գտած էր։ Գիրքը 1934-ին MGM-ի կողմէ շարժանկարի պիտի վերածուէր եւ անոր գլխաւոր դերակատարը պիտի ըլլար երիտասարդ դերասան Քլարք Կէյպըլը։
Վերֆելի ներշնչման աղբիւրը Համաշխարհային Ա պատերազմի ընթացքին հայերու դէմ գործուած բարբարոսութեան մէկ արարն էր։ Յունիս 1915-ին, զանգուածային արտաքսումի եւ սպանութեան մասին լուրեր ստանալով՝ Միջերկրական ծովուն եզերքին գտնուող վեց հայկական գիւղերու բնակիչները իրենց սակաւաթիւ ինչքերն ու զէնքերը հաւաքեցին եւ ապաստանեցան Մուսա Տաղի գաղաթը։ Ըմբոտութեան ղեկավարն էր Մովսէս Տէր Գալուստեան՝ եւրոպական կրթութիւն ստացած հայ երիտասարդ մը, որ գիւղացիները քաջալերէց եւ ետ մղեց թրքական յարձակումները: 40 օրուան կռիւներէ ետք, երբ պարտութեան եզրին կը գտնուէին, շրջանէն անցնող ֆրանսական մարտանաւ մը զանոնք փրկեց։
Թէեւ Մուսա Տաղի վրայ 4200 հայերու ըմբոստութիւնը մամուլին մէջ արձագանգ գտաւ, անիկա աւելի մեծ ճնգաժամի մը մէջ փոքր դէպք մըն էր։ Վերֆելի վէպն էր, որ մարդկայնացուց ճգնաժամը՝ արեւմուտքցի ընթերցողին արտօնելով պատկերացում ունենալ գաղթականներուն մասին, մասնաւորաբար դէպքին առնչակից Գաբրիէլ Բագրատեանի տիպարին ճամբով։
Նացիական արհաւիրքներու նախօրեակին լոյս տեսնելով՝ Վերֆելի գրութիւնը յառաջիկայ իրադարձութիւններու մասին մարգարէութիւն մըն էր։ Վէպի չար տիպարները պարզապէս թուրքեր չեն, այլ գաղափարախօսութենէ մը տարուած ցեղապաշտներու վոհմակ մը։ Վերֆելի հայերը կը խօսէին իր ժամանակուան հրեայ ընթերցողներու սրտին, որոնք նոյն վիճակին մէջ էին։
Ինչպէս եզիտիներու հետ պատահածը ցոյց կու տայ, Վերֆելի երկը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը։ «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» վէպը արդի մարդու համար բարոյական պարտաւորութեան շուրջ խորքային հարցադրումներ կը կատարէ։ Երբ հալածանքի չարիքը իր գլուխը կը բարձրացնէ այսքան անասելի ահաւորութեամբ ի՞նչ կ՚ընենք։ Ի՞նչպէս կը հակազդենք։ Վերֆելի համար՝ ան որ բարոյականութիւնը յարգի կը նկատէ պէտք է անմիջական միջամտութիւն եւ փրկութիւն պահանջէ։ «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը», ճիշդ այսօրուան Եզիտիներու ճգնաժամին նման, կը յուշէ, որ ցեղասպան ուժերու ամէնէն ազդու զէնքը հրաձանը չէ, այլ ժամանակը, ի տես չարիքին քայլ առնելէ առաջ տատամսելու ժամանակը, այդ նոյն ժամանակը, որ Բագրատեանի բարեկամներուն եւ ընտանիքին մահուան պատճառ կը դառնայ։ Ժամանակը էական է, կը տատամսինք ի գին մեր բարոյականութեան։