ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ՀՆՉԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

 

Երեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2014:

Վերամուտ է դարձեալ:

Առաւօտեան ժամը 8:30ին, 36րդ անգամ ըլլալով հնչեց Թորոնթոյի ՀՕՄի Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ երկրորդական Վարժարանի վերամուտի առաջին զանգը: Վարժարանի Կոկոն դասարանէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան ծխատէր քահանայ՝ Տէր Կոմիտաս Փանոսեանի, Վարժարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեանի եւ Կրթական Մարմինի ատենապետ՝ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի եւ ծնողներու կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Տէր Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Նորայր Պէրպէրեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի հերթապահ՝ Վարանդ Պարսամեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի եւ Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կազմը, որ նկարահանեց արարողութիւնը եւ պիտի սփռէ 6 սեպտեմբերի հաղորդումով, որ կարելի է նաեւ դիտել YouTubeի էջով (HorizonTV Toronto):

Վարժարանի Կրթական Մարմինի անունով, Անի Հոթոյաեն-Ժոլի ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2014-2015 ուսումնական 36րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Հոթոյեան-Ժոլի անդրադարձաւ վարժարանի յաջողութիւններուն, որոնք արդիւնքն են անցեալի բոլոր պատասխանատուներուն: Ան նաեւ վերյիշեցուց որ վարժարանին մէջ աշակերտները կը հետեւին Օնթարիոյի պետական ուսումնական ծրագիրին եւ կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, առանց որուն կը կորսուի հայկական նկարագիրն ու ազգութիւնը: Հոթոյեան-Ժոլի գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն, որոնք դիմակալելով բոլոր դժուարութիւնները՝ կը շարունակեն իրենց զաւակները ուղարկել հայկական վարժարան, անոնց հայեցի դաստիարակութիւն տալու վեհ նպատակով, աւելցնելով որ ծնողներն ալ մեծ դեր ունին վարժարանի յաջողութեան մէջ եւ թէ անոնց համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը անհրաժեշտ է: Խօսքը ուղելով աշակերտներուն, Հոթոյեան-Ժոլի խնդրեց անոնցմէ յարգել իրար, ուսուցիչները եւ լաւ պատրաստել իրենց դասերը:

Ապա խօսք առաւ Տնօրէն՝ Տոքթ. Արմէն Մարտիրոսեան, որ յայտնեց թէ վարժարանը սրբազան նպատակ կը նկատէ հայեցի դաստիարակութիւնը որովհետեւ Հայ աշակերտը Հայօրէն կը մեծնայ միայն Հայ Դպրոցին մէջ: Մարտիրոսեան վեր առաւ ծնողներուն դերը, դրուատեց մանաւանդ հայ ուսուցիչը՝ իր անվերապահ աշխատանքին համար: Խօսքը ուղելով աշակերտներուն, Մարտիրոսեան ըսաւ. «Այս օրէն սկսեալ, կը սպասուի ճիգի եւ աշխատանքի խոստում, վերելքի համար: Աշխատեցէ՛ք, ծաղկեցէ՛ք եւ ծաղկեցուցէ՛ք»:

Արարողութեան վերջին խօսքը Սրբազան Հօրն էր: Ան անդրադարձաւ վերամուտի խորհուրդին, որ վերակազմակերպման եւ ուսումնական յաջողութիւններու վերանուաճման իմաստ ունի վարժարանի համար: Սրբազան Հայրը խօսքեր ուղղեց թէ՛ աշակերտներուն, թէ դաստիարակներուն, եւ թէ ծնողներուն:
Հայ աշակերտը պէտք է բախտաւոր զգայ որ կ’ապրի նման երկրի մը մէջ, ուր ոչինչէ զրկուած են: Հալէպի հայ աշակերտները նոյնպէս պիտի չդիմաւորեն վերամուտը: Ան վեր առաւ ուսումի կարեւորութիւնը եւ պահանջեց հպարտ ըլլալ հայութեամբ, սիրել վարժարանն ու լեզուն, որովհետեւ առանց լեզուի, միայն զգացումով կարելի չէ հայ ըլլալ: Ապա, Սրբազան հայրը դրուատանքով անդրադարձաւ վարժարանի հայակերտման նուիրական առաքելութեան եւ մանաւանդ Հայ Դաստիարակի անվերապահ նուիրումին, վերյիշեցնելով անոնց «Ճիտին Պարտքը»՝ Հայ աշակերտին հայ զգացնելու ու հայկական նկարագիր տալու: Ուսուցիչներուն ուծծուած իր խօսքը փակեց ըսելով՝ «Երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք ձեր առջեւ եւ կը համբուրենք ձեր ձեռքերը»: Գալով ծնողներուն, Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց քաջ կեցուածքն ու զոհաբերութիւնը, յիշելով որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան արձանագրելը մեր արդար դատի հետապնդումի առաջին հանգրուանն է: Ան ծնողներուն յանձնարարեց թեւ թիկունք կանգնիլ վարժարանի տնօրէնութեան եւ կազմին ու վերյիշեցուց Տէր Զօրի անապատներուն վրայ հայ մօր զաւակին այբուբէն սորվեցնելու սրտաճմլիկ բայց հպարտալի դէպքը:

Տէրունական աղօթքով եւ Գանատայի ու Հայաստանի օրհներգներով փակուեցաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի 36րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ յետոյ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:

Բարի երթ, լուսեղէն ճանապարհ, եւ լուսաշող ապագայ մեր բոլոր աշակերտներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.