Վանայ Ծովի ափամերձ ԷտրԷմիթի մէջ Հայերէնով ցուցանակներ


Թուրքիոյ Վան նահանգի ԷտրԷմիթ քաղաքի քաղաքապետութեան որոշումով, դէպի քաղաք ուղղուող մայրուղիին վրայ զետեղուած քաղաքապետարանի կեդրոնատեղիի ուղղութիւնը յուշող ցուցանակին վրայ արձանագրուած է նաեւ քաղաքին անունը հայերէն տառերով։

ԷտրԷմիթը հին հայկական Արտամետ բնակավայրն է, որ կը գտնուի Վանէն 12 քլմ. հեռաւորութեան վրայ։ Նշանաւոր էր իր քաղցրահամ խնձորներով։

Ըստ աւանդութեան, քաղաքը հիմնած է Արտաշէս Ա. թագաւորը, իր կնոջ՝ Սաթենիկ թագուհիին համար որպէս ամառանոց։

1877-ին Արտամետը 400 տուներով հայկական մեծ բնակավայր էր, ուր կ՚ապրէին նաեւ թուրքեր։ Արտամէտի իսլամները կ՚ապրէին լիճի ափերուն մօտ, իսկ հայերը բարձունքին։ Թրքական յաճախակի բռնարարքներու պատճառով տարիներու ընթացքին բնակչութեան թիւը կը նուազի։

1909-ին Արտամետը ունէր 500 տուն բնակչութիւն, որուն 150 հայեր, իսկ մնացեալը թուրքեր։ Մինչեւ 1915 կանգուն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Հայերը ունէին նաեւ ամենօրեայ վարժարան։

1915-ին, Արտամետի հայերը մասնակցած են Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ նահանջող ռուսական զօրքերուն հետ հաստատուած են արեւելեան Հայաստան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.