ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան ընտրուեցաւ Համաշխարհային սկաուտական կոմիտէի անդամ


11-14 Օգոստոսին, Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային սկաուտական կոմիտէի Ընդհանուր ժողով եւ նոր կազմի ընտրութիւն։

Ժողովին կը մասնակցէին չորս ՀՄԸՄականներ՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Օշին Փիրումեան, Լիբանանի սկաուտական դաշնակցութենէն Վաչէ Նաճարեան եւ Արժանթինի պատուիրակութենէն Սեդա Սեֆերեան։

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան ընտրուեցաւ Համաշխարհային սկաուտական նորընտիր կոմիտէի անդամ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.