Թրքական Խումբերը Ֆինանսաւորած են Քոնկրէսականներու Խնդրայարոյց Շրջագայութիւնը Ատրպէյճանի Մէջ
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Միջազգային մամուլը այս օրերուն հեղեղուած է եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքական գործիչներու մասին խնդրայարոյց պատմութիւններով, որոնք ՝ շահադիտական թաքուն դրդապատճառներով ջերմ ընդունելութեան արժանացած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ։
Նորագոյն բացայայտումը հրապարակուած է (Houston Chronicle)-ի կողմից Յուլիս 27-ին` “Քոնկրէսականներու շրջագայութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ” խորագիրով: Յօդուածը բացայայտած է, որ թրքական շահոյթ չհետապնդող հինգ խումբեր, 2013 թուականի Մայիսին 274 459 տոլար ծախսած են ` Քոնկրէսի տասը անդամներու եւ 35 աշխատակիցներու ճոխ ճամբորդութեան վրայ: Այդ դրամական միջոցները նուիրաբերած էին.
– Թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդը (Հիւստոն) – 101 680 տոլար.
– Ամերիկայի միջին արեւմտեան հատուածի թրքական միութիւնը (Չիքակօ) – 68 324 տոլար.
– Ամերիկայի թրքական դաշինքը (Ուաշինքթըն) – 52 975 տոլար.
– Ամերիկայի հարաւ-արեւելեան հատուածի թրքական միութիւնը (Ատլանտա) – 26 550 տոլար.
– Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու խորհուրդը (Նիւ Եորք) – 24 930 տոլար:
Ահա այն տասը քոնկրէսականները, որոնց դէպի Պաքու ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը ամբողջովին վճարուած էին.
– Դենի Դեւիս – 24 084 տոլար.
– Ռուբէն Հինոջոզա – 19 962 տոլար.
– Ճիմ Բրայտենշտն – 14 173 տոլար.
– Թեդ Պոյ – 13 431 տոլար.
– Սթիւ Սթոքման – 13 431 տոլար.
– Միշել Լուhան Գրիշեմ – 12 780 տոլար.
– Շիլայ Ջեկսոն Լի – 12 034 դոլար.
– Լէնարդ Լանս – 9 798 տոլար.
– Իւետ Քլարկ – 8 701 տոլար.
– Գրեգորի Միքս – 6 431 տոլար:
Քոնկրէսականների ուղեւորութեան իրական նպատակը մասնակցիլն էր համաժողովի մը, որ մասամբ ֆինանսաւորուած էր SOCAR-ի (Ատրպէյճանի ազգային քարիւղի ընկերութիւն) կողմէն, եւ որ իր գործընկերներէն մէկուն՝ NIOC-ի (Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութիւն) հետ միասին ձեռնարկած էր 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիր՝ «Շահ Դենիզ» կազի հանքավայրը շահագործելու համար: Պատահական չէր, որ շրջագայութիւնը կազմակերպուած էր նոյն այն ժամանակ, երբ ԱՄՆ Քոնկրէսը լրացուցիչ պատժամիջոցներ պիտի կիրառէր Իրանի դէմ: Ատրպէյճանցիներուն ու անոնց իրանցի գործընկերներուն խիստ անհրաժեշտ էր Քոնկրէսէն ստանալ արտօնութիւն՝ այս հսկայածաւալ ծրագիրը իրականացնելու համար: Զարմանալի չէ, որ քոնկրէսական պատուիրակութեան շքեղ ճամբորդութենէն վերադառնալէն ետք, դեռ երկու ամիս չանցած, Ներկայացուցիչներու պալատը հաւանութիւն տուաւ այդ ցանկալի արտօնութեան…
«Houston Chronicle» օրինագիծի շուտափոյթ հաստատումը սովորաբար դանդաղաշարժ Քոնկրէսի կողմէն կը բացատրուի,անով որ «SOCAR-ը, ատրպէյճանական այլ պետական միաւորներու հետ մէկտեղ դարձած է Ուաշինքթընի ամենամեծ գումար ծախսողներէն մէկը՝ ամերիկեան գործընկերներ ապահովելով իր քարիւղի մթերքները համաշխարհային շուկաներ հանելու համար… Լոբբիստները, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ ուժանիւթի ընկերութիւնները, բոլորը մասնակցած էին Պաքուի հաւաքոյթին» Հէյտար Ալիեւի շքեղ կեդրոնի մէջ, ուր գլխաւոր բանախօսը նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: «Առնուազն չորս քոնկրէսականներու ընկերակցած էին իրենց կանայք կամ նշանածները: Ոմանք օգտուած էին առաջին կարգի թռիչքներէն եւ իրենց ուղեւորութիւնը երկարաձգած՝ մնալով Թուրքիոյ շքեղ հիւրանոցներու էջմ: Միայն քոնկրէսականներու ճամբորդական ծախսերը կազմած էին 270 հազար տոլար»:
Հետաքրքրական է, որ այցելութեան գլխաւոր կազմակերպիչը՝ Թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդը, «չէ բացայայտած որեւէ առեւտրական ընկերութեան աջակցութիւն կամ օտարերկրեայ կառավարութեան օգնութիւն դէպի Պաքու քոնկրէսականներու կատարած ուղեւորութիւններու համար», ինչպէս կը պահանջուի դաշնային օրէնքով, կը հաղորդէ Chronicle-ը: Թրքական շահոյթ չհետապնդող հինգ կազմակերպութիւնները եւ տասը քոնկրէսականները հնարաւոր է խախտած են Քոնկրէսի էթիկայի կանոնները եւ դաշնային օրէնքը՝ չբացայայտելով առեւտրական նուիրատւութիւնները ուղեւորութեան համար,կը յայտարարէ Chronicle-ը:
Արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ քոնկրէսական Միքսը «չէ բացայայտած Պաքու կատարած իր ճամբորդութեան ծախսերը վերջնաժամկէտէն մէկ տարի անց», պարզած է Chronicle-ը: Աւելին, քոնկրէսական Սթոքմանը լրացուցիչ ստացած է 5 հազար տոլար քարոզչական նպատակներով երեք վճարումներով, նոյն ամսուան ուղեւորութեան ընթացին, Թրքական խորհուրդի նախագահ Քեմալ Օքսուզէն, որ կը ղեկավարէ շահոյթ չհետապնդող երկու խումբեր,ի դէպ անոնք Houston-ի մէջ գրանցուած են միեւնոյն հասցէով: «Երկու խումբերն ալ ճանչցուած են իբրեւ Պաքուի համաժողովի հովանաւորներ կամ կազմակերպիչներ եւ երկուքն ալ գումար առած են SOCAR-էն: Chronicle-ի տեղեկութիւններու համաձայն, խումբ մը՝ Ատրպէյճանի բարեկամներու ասամբլէան, կը գործէ իբրեւ SOCAR-ի ամերիկեան հանրային կապերու թեւ»՝:
Օքսուզը Պաքուի մէջ ամերիկացի լրագրողի մը յայտնած է, որ քարիւղի համաժողովի ծախսը կազմած է 1.5 մլն տոլար: Ան նաեւ ըսած է, որ հիւրերը իբրեւ նուէր ստացած են ձեռագործ գորգեր, որ խախտում կը համարուի, եթէ անոնց մասին չյայտնեն ԱՄՆ համապատասխան մարմիններուն:
Chronicle-ը պարզած է, որ «այդ ոչ առեւտրային խումբերէն շատերը կը ղեկավարեն հետեւորդները թուրք նախկին իմամ, վտարանդի Ֆեթուլլահ Կիւլենի, որ կ’ապրի Փենսիլուանիոյ մէջ…
Ընդհանուր առմամբ, թրքական խումբերը քոնկրէսականներու եւ անոնց աշխատակազմերու համար 2009-2013 թուականներուն ֆինանսաւորած են 272 արտասահմանեան ուղեւորութիւններ» դէպի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա:
Houston Chronicle-ը ի լրումն իր մերկացնող հետաքննական յօդուածի, նաեւ հրապարակած է խիստ քննադատական խմբագրական մը՝ յանդիմանելով տասը քոնկրէսականներ` «ահաւոր միամիտ կամ նողկալի կաշառակեր ըլլալու» համար, եւ «մի քանի գրպանած նուիրատւութիւններու» դիմաց ծառայելու համար Ատրպէյճանի շահերուն՝ «կոռումպացուած աւազակապետութեան մը, ուր կ’իշխէ Ալիեւներու ընտանիքը, որ ապօրինի գումարներ կը կուտակէ՝ խեղդելով քաղաքական այլախոհութիւնը»:
Թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց www.yerakouyn.com-ը