Իրաքի Մէջ Նոր Ցեղասպանութեան Մը Առաջքը Առնելու Կոչ

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսացի դիւանագէտները յայտարարած են, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն մօտաւորապէս հարիւր տարի ետք, պէտք չէ արտօնել, որ այլ ցեղասպանութիւն մը տեղի ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
\n Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած միացեալ յօդուածի մը մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Պեռնար Քուշներ, գրող եւ միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտ Ժերար Շալեանտ ու Արպիլի մէջ Ֆրանսայի նախկին հիւպատոս Ֆրետերիք Թիսօ կոչ ըրած են աջակցելու եզիտիներուն, որպէսզի իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան առաջքը առնուի:
\n «Մինչ աշխարհը կը պատրաստուի յիշատակելու օսմանեան Անատոլիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամ-եակը, Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն վտանգ կը սպառնայ ամէնուր։ Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ նորէն տեղի ունենայ աներեւակայելին։ Չենք կրնար անտեսել Իրաքի մէջ եզիտիներու սպանութիւնները», գրուած է յօդուածին մէջ:
\n Անոնք նաեւ միջազգային հանրութեան կոչ ըրած են անյապաղ արձագանգել՝ սատարելով եւ աջակցութիւն տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք դէմ կը կանգնին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական խմբակին բարբարոսութիւններուն, միաժամանակ համակարգելով մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.