Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Ազատ Ոճի Հայ Ըմբիշները Ձեռնունայն Վերադարձան Զաղրեպէն
1726
0
5-10 օգոստոսին, Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւն:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, հայ ըմբիշները ձեռնունայն վերադարձան Զաղրեպէն` ոչ իսկ մէկ մետալի տիրանալով:
66 քկ դասակարգին մէջ Արէն Առաքելեան իր կատարած առաջին իսկ ճակատումին պարտութիւն կրեց, իսկ 96 քկ դասակարգին մէջ Վիքթոր Քազիշվիլի հայ մարզիկներուն մէջ արձանագրեց լաւագոյն արդիւնքը (7-րդ):
Մնացեալ չորսը մէկ իրագործում կրցան կատարել: