Սարիկ Անդրէասեանի Ժապաւէնը Ընդգրկուած է Թորոնթոյի Փառատօնի Ցանկին Մէջ
\n
\n
Շարժանկարի բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի »Կողոպուտ ամերիկեան ձեւով« (American Heist) ժապաւէնը ընդգրկուած է Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնի ցանկին մէջ եւ կը մրցի գլխաւոր մրցանակին համար։
\n
Այս առթիւ ռուսական »Ռիա Նովոսթի« լրատու կայքէջը դիտել կու տայ, թէ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռուսաստանը ներկայացնող բեմադրիչի գործ մը ընդգրկուած է Թորոնթոյի փառատօնի մրցումին։
\n
»Կողոպուտ ամերիկեան ձեւով« ֆիլմը պատմութիւնն է երկու եղբայրներու, որոնք կþորոշեն իրագործել »դարուն կողոպուտը«։ Նկարահանումները կատարուած են 2013-ի ամրան Նիւ Օռլինզի մէջ։ լխաւոր դերերը ստանձնած են Էտրիան Պռոտի, Հայտըն Քրիսթէնսէն, Ճորտանա Պրիւսթէր, Ռեփեր Այքոն։ Ֆիլմի պիւտճէն կազմած է 8 միլիոն տոլար։ Ժապաւէնին երաժշտութեան հեղինակն է Արտաշէս Անդրէասեան։ Փառատօնը տեղի կþունենայ 2014 Սեպտեմբեր 4-էն 14։
\n