Համա-ՀՄԸՄական Բանակումին 8րդ Օրը Կը Նուիրուի Հայկական Բանակին
Համա-ՀՄԸՄական բանակումի 8րդ օրը, Օգոստոս 7ին, նուիրուեցաւ հայկական բանակին։ Կէսօրէն առաջ, բանակումի մասնակից պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները՝ բանակումի գործադիր խմբապետութեան ընկերակցութեամբ, այցելեցին կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց եւ բարի ապաքինում մաղթեցին շաբաթ մը առաջ հայ ատրպէյճանական սահմանային բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած հայ զինուորներուն։ Այս առիթով, անոնք զինուորներուն նուիրեցին բանակումի փողկապներ ու «թիշըր»չներ։ Միաժամանակ, զօրակցութեան գործնական քայլով մը, անոնք արհեստագիտական սարքեր (համակարգիչներ, լուսանկարչական եւ այլ գործիքներ) նուիրեցին բանակի Վանաձորի զօրանոցին, որ շաբաթ մը առաջ տուած էր նահատակ մը։
Յետմիջօրէին, համա-ՀՄԸՄական 10րդ բանակումի ընդհանուր կազմը, 720 սկաուտներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան առաջնորդութեամբ այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական ուսումնարանը եւ ամբողջ ժամ մը շրջեցան ուսումնարանի տարբեր դասարանները, ուր ծանօթացան հայկական բանակի դաստիարակչական ծրագիրին եւ մարզումի ձեւերուն։ Ապա, ուսումնարանի շրջափակը հաւաքուելով՝ սկաուտներ ընդունեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տողանցք եւ խօսքերու փոխանցում։ Տողանցքը առաջնորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի շեփորախումբը։ Բանակի մասնայատուկ ուժերը եւ ցուցադրական պատուոյ գունդը յաւելեալ փայլք մը տուին տողանցքին։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ յայտնեց, որ տարիներու եւ սերունդներու երազ մը կ՛իրականանայ սկաուտական շարքերուն՝ հայկական բանակի զինուորական ուսումնարան այցելութեամբ։ «Բանակ եւ զինուորական ուսումնարան խորհրդանիշներ են հայկական պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։ Իսկ ՀՄԸՄը եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան», նշեց ան։
Շարունակելով՝ Մկրտիչեան հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, ՀՄԸՄի համար հայոց պետականութիւնը կը մնայ միակ ապաւէնը մեր գոյատեւման, իսկ հայոց բանակը կը հանդիսանայ հիմնական պաշտպանն ու երաշխիքը այդ գոյատեւման։
«Մենք հզօր ենք, երբ մեր բանակը հզօր է։ Մենք անպարտելի ենք, երբ մեր բանակը համահայկական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած ենք։ Հայոց բանակը մեր փառքն է ու մեր պատիւը։ Հայոց բանակը մեր հպարտութիւնն է ու մեր արժանապատուութիւնը», յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր, «կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին։ Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր՝ քան համա-ՀՄԸՄական, համահայկական այս զօրակցութիւնը, որ այս պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց։ Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները՝ պաշտպանուած»։
Ապա, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը բանակումի մասնակիցներուն անունով յուշանուէրով մը պատուեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, իսկ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան բանակումի փողկապները յանձնեց պաշտպանութեան նախարարին եւ «Վազգէն Սարգսեան» զինուորական ուսումնարանի պետ զօր. Մարթին Կարապետեանին։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը, որ համա-ՀՄԸՄական 10րդ բանակումի մասնակիցները ողջունելով՝ յայտնեց, թէ Սփիւռքի մշակութային եւ մարզական միութիւնները բացառիկ աւանդ ունին հայապահպանման գործին մէջ։ Արդէն իսկ մէկ դարէ ի վեր այդ շնորհակալ առաքելութիւնը կ՛իրագործէ ՀՄԸՄը՝ հոգեւոր կամուրջ դառնալով աւելի քան 20 երկիրներու 100է աւելի մասնաճիւղերու 25 հազար անդամներուն միջոցով։
Իր խօսքին մէջ նախարար Օհանեան նշեց, թէ պատմական ճակատագիրի բերումով, մենք սփռուած ենք ամբողջ աշխարհին մէջ, բայց միացած ենք հայ լեզուով, Հայաստանով, Արցախով ու հայկական բանակով։ «ՀՄԸՄի «Բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանը, ՀՄԸՄականներու հոգեկրած գաղափարներն ու նպատակները հարազատ են մեզի՝ զինուորականներուս, քանի որ բանակի ծառայութեան ոգին կամքն ու մարմինը կոփելու, հայրենիքը ճանչնալու եւ անմնացորդ սիրելու հանրագումարն է», շեշտեց նախարար Օհանեան։
Հայկական բանակի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով՝ պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ «Հայկական բանակը ի զօրու է արգիլելու հայ ժողովուրդը պատուհասած սարսափելի անցեալի կրկնութիւնը։ Հայկական բանակի զսպիչ գործողութիւններուն շնորհիւ, վերջին օրերուն սահմանային լարուածութիւնը բաւական մեղմացաւ, եւ այսօր, Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ջանքերուն շնորհիւ, ընդհանուր պատերազմի հիմք չկայ»։
Նախարար Օհանեան իր խօսքը փակեց՝ շեշտելով, որ «Հայկական բանակն է հայ ժողովուրդի ամենահզօր ու անպարտելի դաշնակիցը»։ Խօսքէն ետք, նախարարը իր կարգին յուշանուէր մը փոխանցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան։
Խօսքերուն յաջորդեց տողանցքը։ Պաշտպանութեան նախարարութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, նախ տողանցեցին ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնները, ապա՝ հայկական բանակի մասնայատուկ ուժերը։ Տողանցողները պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն անցնելով՝ բարեւեցին պաշտպանութեան նախարարին ու ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն՝ արժանանալով բոլորին ծափահարութեան։
Տողանցքէն ետք, ՀՄԸՄի սկաուտներուն ի պատիւ ցուցադրական ներկայացումներ կատարեցին նախարարութեան պատուոյ գունդն ու մասնայատուկ ուժերը։ Աւարտին, նախարարութեան երգչախումբը՝ ի պատիւ սկաուտներուն, ներկայացուց ազգային-հայրենասիրական շարք մը երգեր։
ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ՆԱԽՈՐԴՈՂ ՕՐԵՐԸ
Համա-ՀՄԸՄական 10րդ ընդհանուր բանակումը պիտի փակուի Կիրակի, 10 Օգոստոսին։ Բանակումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է բոլոր մասնակիցներուն մօտ, որոնք անցնող օրերուն դաստիարակչական բաւական ճոխ յայտագիրներ իրականացուցին։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 5ին, բանակողներէն մաս մը՝ շուրջ 200 սկաուտներ, կատարեցին լեռնագնացութիւն եւ բարձրացան Արագածի գագաթը՝ բախտաւոր օր մը բարձրանալու համար նաեւ Արարատի գագաթը։ Բանակողներու մնացեալ մասը կատարեց արշաւ մը դէպի Ամբերդ։ Ամբերդ հասնելով՝ սկաուտները ունեցան դասախօսական հանդիպում մը։ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան դասախօսեց «Հայ Դատը Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին Ընդառաջ» նիւթը։
Իսկ Չորեքշաբթին օր ընտրովի շրջապտոյտներու օրն էր։ Սկաուտական պատուիրակութիւնները, երեք տարբեր խումբերու բաժնուելով՝ այցելեցին Խոր Վիրապ-Նորավանք, Գառնի-Գեղարդ եւ Հաղբատ-Սանահին։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
Chraghchian Family
Առողջ Նկարագիր Դարբնող ՀՄԸՄին՝ Նորանոր Յաջողութիւններ Կը Մաղթենք
——————————–
Տիկ. Ալիս Նաւասարգեան