Հայ Ցուցարարներ Էրտողանէն Կը Պահանջեն Ներողութիւն Խնդրել
\n
\n ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, թէ վարչապետ Էրտողանի կողմէ քանի մը օր առաջ արտասանուած ու հայերու նկատմամբ նախատինք նկատուած խօսքերուն դէմ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 7ին բողոքի ցոյց մը կատարուած է «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ։
\n Ցոյցին մասնակցած են բազմաթիւ հայեր, «Նոր Զարթօնք» խմբակի անդամներ, Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամներէն Հիւտա Քայա, կուսակցութեան Պոլսոյ համանախագահ Շամիլ Ալթան եւ կուսակցութեան անդամ Նուարդ Պալըքճըօղլու։ Ցուցարարները կրած են վերտառութիւններ, որոնց վրայ կը պահանջուէր, որ վարչապետ Էրտողան ներողութիւն խնդրէ հայերէն։
\n Բողոքարկուներու անունով հաղորդագրութիւն մը կարդացած է «Նոր Զարթօնք»ի անդամներէն Սայաթ Թեքիր, որ դիտել տուած է, թէ Էրտողանի խօսքերը յանցագործութիւն էին Թուրքիոյ օրէնքներուն համաձայն, եւ լիազօր մարմինները պարտականութեան գլուխ հրաւիրած է այս յանցագործութեան կապակցութեամբ։
\n «Կը ներէ՛ք, հայեր» խորագրեալ հաղորդագրութեան հեղինակները ընդգծած են, թէ բոլոր ճզմուած ժողովուրդներու՝ քրիստոնեաներու, հրեաներու, ալաուիներու, եզիտիներու, ինչպէս նաեւ կիներու, կարճ խօսքով՝ տարբեր նկատուած բոլոր խմբաւորումներուն դէմ գործադրուած յարձակումները ու պետական մակարդակի վրայ գործածուած ատելավառ լեզուն նշաններ են, որոնք ցոյց կու տան պետութեան «մէկ ազգ, մէկ ինքնութիւն» մտայնութիւնը եւ տարբեր եղողներուն նկատմամբ ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը։
\n Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Այս մտայնութեան հետեւանքով է, որ մեր եկեղեցիներուն ու սինակոկներուն վրայ յարձակումներ կը գործուին ու ոճիրի փորձեր կը կատարուին։ Այսպիսի յանցագործութիւններու դիմաց պահուած լռութիւնն ալ ճամբայ կը բանայ նոր յանցագործութիւններու։ Մենք այս մտայնութեան մասին գաղափար ունինք Սեւակ Պալըքճըի կամ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած անզգայութենէն, «Զիրվէ» հրատարակչատան սպանդի դատավարութենէն, «Ակօս» թերթին եւ բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի դէմ կատարուած սպառնալիքներէն։ Երբ նմանօրինակ յանցագործութիւններու հեղինակները ազատօրէն կը շրջին մեր շուրջը, Սեւան Նշանեան կը բանտարկուի պարզապէս իր հայկական ինքնութեան հետեւանքով։ Մենք պիտի չմոռնանք ու պիտի չարտօնենք, որ մոռցուի կառավարութեան կողմէ Հրանդ Տինքը սպաննողներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը»։
\n Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ «մենք՝ հայերս, կը մերժենք այն մտայնութիւնը, որ մեզ նմանօրինակ ընտրութիւններու սեմին թիրախ կը դարձնէ, վասն ազգայնապաշտ եւ ցեղապաշտ քաղաքականութեան։ Մենք այս երկրին մէջ կ՛ուզենք ապրիլ ազատ ու ժողովրդավար մթնոլորտի մէջ»։
\n Նուարդ Պալըքճըօղլու իր կարգին յայտնած է, թէ Էրտողանի յայտարարութիւնը ատելութիւն կը հրահրէ, փայտ կը նետէ ազգայնամոլութեան մշակոյթի վառարանին մէջ։ ««Ստեղծուածները ստեղծողին համար է որ կը սիրենք» ըսող վարչապետի մը վայել չէ նմանօրինակ արտայայտութիւն մը, որ կարծել կու տայ, թէ վրացի կամ հայ ըլլալը նուաստացում կը նշանակէ։ Վարչապետ Էրտողանին կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այն Չանգայան (նախագահական պալատը), ուր ինք ելլել կ՛ուզէ, կը պատկանէր Գասապեան անունով անգարացի հայ ընտանիքի մը», աւելցուցած է Պալըքճըօղլու։
\n «Անգարա. մտածումի ազատութիւն» անունով միութեան անդամներէն՝ հրապարակագիր Սաթիտ Չեթինօղլու դիտել տուած է, որ Էրտողանի խօսքը քննադատուեցաւ միայն Պոլսոյ մէջ, իսկ Անգարայի, Տիգրանակերտի կամ Իզմիրի նման նահանգներու մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւնները լուռ մնացին։ Չեթինօղլու յիշեցուցած է 1915ի «մաքրագործում»ներն ու ինչքերու բռնագրաւումները եւ ըսած, թէ հիմա կարելի չէ խօսիլ արդարութեան ու իրաւագիտութեան մասին։ «Գրեթէ չկայ մէկը, որ օգտուած չըլլայ այս բռնագրաւումներէն։ Այս պատճառաւ է, որ Անատոլուի քաղաքները լուռ կը մնան, փոքրամասնութիւնները առանձնութեան կը լքուին, ոճրագործներն ալ ազատ կը շրջին», ըսած է ան։
\n \n