Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու Տէմիրթաշ կը խոստանայ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
1160
0
Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու, ազգութեամբ քիւրտ Սելահէտտին Տէմիրթաշը «Ակօս» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի Ապրիլի 24-ին յարգել 1915-ի հայ զոհերու յիշատակը:
Տէմիրթաշը նշած է, որ հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին տեղի ունեցածը ծրագրուած կոտորած էր, ազգի մը ոչնչացման քաղաքականութիւն, որուն հետագային զոհ դարձան նաև քիւրտերը:
«ես 1915-ը կը ճանչնամ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն և իմ նախագահութեան տարիներուն ամէն տարի Ապրիլի 24-ին պիտի կատարեմ իմ պարտքս՝ յիշեցնելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Սակայն այդ արարքը թուրք ժողովուրդին յանցանքը չեմ նկատեր: Այդ ժամանակաշրջանի իշխանութլան դատապարտելի քաղաքականութեան արդիւնք էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը»: