Հայկական բանակի ռազմօդանաւեր կը հսկեն սահմանին վրայ
1094
0
Օգոստոս 6-ին, Հայկական բանակի ռազմօդանաւեր սկսան թռիչքներ կարարել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ: ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ գրասենեակի հաղորդումով, թռիչքները պայմանաւորուած են ստեղծուած ռազմական իրադրութեամբ:
Յիշեցնենք, որ յուլիս 31-էն մինչ օրս հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ պատերազմական կարուած վիճակ կը տիրէ։ Ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կը խախտէ զինադադարը։ Ատրպէյճանական կողմը Յուլիս 31-էն ի վեր տուած է 25 զոհ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական տուեալներով՝ նոյն ժամանակահատուածին հայկական կողմը ունեցած է 6 զոհ։