Խորհրդակցութիւն՝ Պաշտպանութեան Բանակի Բարձրագոյն Հրամանատարական Կազմին Հետ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Օգոստոսին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ, որուն ընթացքին ներկայացուած են զեկոյցներ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերու, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումներուն, Արցախի Հանրապետութեան տարածք ներթափանցման-հետախուզական խումբերու գործողութիւններուն առնչութեամբ:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է բանակի հրամանատարութեան եւ անձնակազմին գործունէութիւնը՝ ուղղուած հակառակորդի յառաջխաղացքի փորձերը արդիւնաւէտօրէն կասեցման, որուն իբրեւ արդիւնք, վերջինս, կրելով մեծ կորուստներ, նահանջեց ելման դիրքեր: Բակօ Սահակեանի համաձայն՝ պաշտպանութեան բանակի գործողութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուին մեր զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձր մակարդակը, զինուորներուն անսասան ոգին եւ հայրենասիրութիւնը:
Նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է առաջին գիծ մեկնած Արցախեան ազատամարտի վեթերաններուն՝ բարձր գնահատելով այս ուղղութեամբ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կատարած աշխատանքը:
Բակօ Սահակեան ցաւով նշած է, որ հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ արձանագրուեցան զոհեր, եւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած զինուորներու հարազատներուն՝ անդառնալի կորուստին համար։
Լսելով պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի զեկոյցը՝ կատարուած գործողութիւններուն, ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ հաւանական զարգացումներուն վերաբերեալ՝ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին: Նախագահը ընդգծած է, որ հակառակորդին կողմէ սահմանագիծին վրայ իրավիճակի ապակայունացման որեւէ փորձ պէտք է կասեցուի՝ միաժամանակ նշելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կողմնակից:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.