«Լայնամասշտաբ Պատերազմի Վերսկսման Հենք Գոյութիւն Չունի». Սէյրան Օհանեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Լայնամասշտաբ պատերազմի վերսկսման հենք այս պահին գոյութիւն չունի», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ազգային ժողովին մէջ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք։ Ան հաստատած է, որ ամէն ինչ կ՛ընեն՝ իրավիճակը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ: «Այսօր ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ամէն ինչ անում է, որպէսզի լարուած իրավիճակը հանդարտեցուի: Այս օրերի վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ գլոբալ առումով լայնամասշտաբ պատերազմի հենք գոյութիւն չունի», դիտել տուած է ան։
Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ խումբ մը կամաւորներ բարձրացած են դիրքեր եւ կ՛օժանդակեն զինուորներուն՝ նախարարը նշած է, որ այսօրուան բանակի ոեւէ ծառայող ունի ռազմական վարպետութեան աստիճանը, գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, զորս ունին նաեւ փորձառու զինուորականները: «Պարզապէս մարտական գործողութիւնների փորձառութիւնը կարող է լրացուել եւ փորձառու զինծառայողի հմտութիւնն ու այսօրուայ զինծառայողի պատրաստութեան բարձր մակարդակն այն համաձուլուածքն է, որ կարող է բերել միասնական յաջողութիւնների: Նրանք գնացել են ոգեւորելու մեր զինծառայողներին եւ դա շատ կարեւոր է: Առայժմ բանակը այս իրավիճակում՝ առանց համալրման եւ մարտական պատրաստակամութեան բարձր աստիճանի բերման ի վիճակի է իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու: Դուք տեսաք՝ մեր տուած պատասխաններն այնքան հուժկու են, որ նրանք պէտք է խելքի գան: Իրավիճակն առաջնային գծում լարուած է. ցանկացած ժամանակ մեր հարեւանները, անկասկած, կարող են հրահրել սադրանքներ, որոնք կարող են վերաճել պատերազմի, բայց այսօր մենք, հանրապետութեան նախագահը, ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ամէն ինչ անում են, որ իրավիճակը հանդարտեցուի եւ գլոբալ առումով լայնածաւալ պատերազմի հենք դեռեւս գոյութիւն չունի», ընդգծած է Սէյրան Օհանեան:
Անդրադառնալով Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպման՝ նախարարը ըսած է, որ ներկայացուցած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակն ու հայ զինուորներուն հմուտ գործողութիւնները: Նախարարը շեշտած է, որ տեղի ունեցածին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ու այն փաստը, որ հակառակորդը բազմակի անգամ աւելի կորուստներ ունեցած է, անգամ մը եւս կը վկայէ այն մասին, որ այդ երկրի ղեկավարութիւնը պատասխանտուութիւն չի կրեր մարդոց ճակատագիրներուն համար:
Նախարարը նաեւ առաջարկած է Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն՝ մասնակից ըլլալու պետական բանակային նախաձեռնութիւններու՝ համախմբելու բանակը, անձնակազմը, ոգեւորելու զինուորներն ու այն ծնողները, որոնց զաւակները զոհուած կամ վիրաւորուած են, նաեւ աշխատանք տանելու անոնց օգնելու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.