Ազրպէյճան Ունեցած Է 25 Զոհ Եւ 30-է Աւելի Վիրաւոր
1191
0
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր ներկայացուցած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վերջին հինգ օրերուն տեղի ունեցած տեղային առճակատումներու մասին ամփոփ տեղեկատուութիւն:
ատրպէյճանական բանակը Յուլիս 28-էն Օգոստոս 2 իյնկած ժամանակահատուածին հակամարտ զօրքերու շփման գծին տարբեր հատուածներուն տուած է առնուազն 25 զոհ եւ 30-է աւելի վիրաւորներ:
Նոյն ժամանակահատուածին Արցախի պաշտպանութեան բանակի կորուստներու թիւը կազմած է 5 զոհ, 7 վիրաւոր: