Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին կը մասնակցին 750 ՀՄԸՄ-ականներ
31 Յուլիսին, ժամը 7ին Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին, որուն նշանաբանն է՝ «Արագածէն Արարատ, տէրն ենք մեր Դատին»: Աբովեան եւ Թումանեան փողոցներով դէպի Հանրապետութեան հրապարակ տողանցեցին 17 երկիրներէ ժամանած շուրջ 750 երիտասարդները, որոնք այսօր կը մեկնին Բիւրական: Տարբեր գաղութներէ ժամանած սկաուտ-արենուշ բանակողները, իրենց միացումով անգամ մը եւս պիտի փաստեն, որ կենդանի փաստ են ցեղասպան Թուրքիոյ հայութեան բնաջնջման ծրագիրի ձախողութեան, Բիւրականէն՝ Արագածի լանջերէն հնչող համախումբ կեցուածքով:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10րդ բանակումի նախօրեակին, Երեւանի «Ուրբաթ» լրատուական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, բանակումին առնչուող տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով։
Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայրներ Կարպիս Գապասագալեան եւ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ ¬ ՀԱՍԿի ատենապետ եղբ. Օշին Փիրումեան եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։
Եղբ. Կարպիս Գապասագալեան առաջին հերթին փոխանցեց Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու նպատակը՝ յատկապէս շեշտելով 1994-էն սկսեալ զանոնք Հայաստանի մէջ կազմակերպելու իւրայատկութիւնն ու պատգամը։ Ան նշեց, թէ ասիկա 6րդ ընդհանուր բանակումն է, որ ՀՄԸՄ կը ծրագրէ եւ կ՛իրագործէ մայր հայրենիքի մէջ, անոր ճամբով հայեցի դաստիարակութիւնը ամրապնդելու աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած մասնակիցներուն մօտ։ Եղբ. Բագրատ Եսայեան դիտել տուաւ, որ այս տարուան բանակումը յոբելենական բանակում է, որովհետեւ 10րդն է իր տեսակին մէջ, իսկ Դեկտեմբերին կ՛ամբողջանայ նաեւ ՀՄԸՄի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 25ամեակը։ Եղբ. Օշին Փիրումեան փոխանցեց, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները մեծ թիւով մասնակիցներ կը ներգրաւեն սփիւռքէն ու Հայաստանէն։ Ան նշեց, որ նախորդ բանակումներուն, բանակավայրի սահմանափակ տարածութեան պատճառով սահմանափակուած է նաեւ մասնակիցներու թիւը։ Ան բացատրեց, որ նախորդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին այս ուղղութեամբ դիմուած է կառավարութեան, որ յատուկ դասաւորումով ընդարձակած է բանակավայրի սահմանները, իսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի օժանդակութեամբ տրամադրուած տարածքը պատշաճեցուած է արդիական բանակավայրի բոլոր յարմարութիւններուն։ Օ. Փիրումեան նշեց, թէ յառաջիկայ բանակումներուն արդէն իսկ կարելի է ընդունիլ 1000 մասնակիցներ։ Եղբ. Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներն ու յայտագիրը։ Ան նշեց, որ բանակումին ընթացքին պիտի գործադրուին սկաուտական զանազան աշխատանքներ, որոնց զուգահեռ բանակողները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ յիշուած զանազան տեսարժան վայրերուն։ Բանակողները պիտի այցելեն նաեւ Վանաձորի զօրանոց: