Ատրպէյճանական Յարձակումը Ետ Մղելու Մարտերուն Նահատակուած Են Երկու Հայ Զինուորներ
\n
\n
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– 31 Յուլիսին հակառակորդը ձեռնարկած է յարձակման՝ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին ուղղութեամբ:
\n Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ դիրքապահ անձնակազմին կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան եւ կրելով բազմաթիւ կորուստներ՝ հակառակորդը ստիպուած եղած է նահանջելու:
\n «Յենակէտում գտնուող անձնակազմը գործել է կազմակերպուած, ցուցաբերել բարձր մարտական պատրաստականութիւն եւ բարոյակամային որակներ, ինչի շնորհիւ, հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ, հետ է շպրտուել: Իրականացուած օպերատիւ գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդից առգրաւուել են մեծ քանակութեամբ յատուկ սպառազինութիւն եւ տեխնիկական միջոցներ», գրուած է Արցաշի Պաշտպանական բանակի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
\nԳործողութեան իբրեւ հետեւանք զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի բանակի երկու զինուորներ՝ 1994 թուականին ծնած Արարատ Վաչիկի Խանոյեանը եւ Աշոտ Արթուրի Ասոյեանը:
\n