Մհեր Ջուլհաճեանի Անունը Կրող Լսարան՝ Արցախի Պետական Համալսարանին Մէջ
\n
\n
\n
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 29 Յուլիսին Արցախի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած սփիւռքահայ ազատամարտիկ, դաշնակցական Մհեր Ջուլհաճեանի անունը կրող լսարանին:
Լսարանը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Բրիտանիա բնակող դաշնակցական Սեւան Արթինի ջանքերով. ան այս անգամ իրեն հետ Արցախ բերած է նաեւ Լոնտոնի ՀՄԸՄականները, որոնք եւս ներկայ եղած են լսարանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան։
Սեւան Արթին այս առիթով յայտնեց, որ այս տարուան Մարտին Արցախ այցելած ատեն տեղեկացած էր նման նախաձեռնութեան մը մասին եւ, քանի որ Մհեր Ջուլհաճեանը եղած էր իր խմբապետն ու աւագ ընկերը, փափաքած է անոր նկատմամբ ունեցած իր հսկայ պարտքին մէկ փոքր մասը փոխհատուցել, ուստի որոշած է ոչ թէ արձան կանգնեցնել, այլ լսարանը անուանակոչել Մհերի անունով, որպէսզի մարդիկ թէ՛ Մհեր Ջուլհաճեանը յիշեն, եւ թէ կարենան օգտուիլ այդ նախաձեռնութենէն։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեանը։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ հանդիսութեան մասնակիցներուն ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ այլ անձնաւորութիւններ:
\n
\n