Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակին Հայաստանէն Մեկնողներու Թիւը Աւելի Մեծ Է Քան Ժամանողներունը
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Զուարթնոց» օդակայանին ճամբով Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը 2014 թուականի առաջին կիսամեակին աւելին եղած է, քան ժամանողներունը: Հայաստանի «Քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութենէն» «Փանորամա»ին յայտնած են, որ Յունուար-Յունիսին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն փոխադրուած է 867,869 ուղեւոր՝ 2013 թուականի նոյն ժամանակահատուածի 693,493 ուղեւորի փոխարէն։
\n Նշուած ժամանակահատուածին, ըստ քաղաքացիական օդանաւորութեան վարչութեան՝ Հայաստան եկած է 413,213 անձ՝ 2013 թուականի 330,484ի փոխարէն, իսկ Յունուար-Յունիսին մեկնած է 454,656 հոգի, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով 91,647ով աւելի է:
\n Յունուար-Յունիսին «Զուարթնոց» օդակայանին միջոցով տեղափոխուած է շուրջ 5327 թոն բեռ, իսկ 2013ի Յունուար-Յունիսին՝ 5245 թոն: Մասնաւորաբար, նշուած ժամանակաշրջանին արտածուած է 3413 թոն բեռ (2013ին՝ 3185 թոն), ներածուած է 1914 թոն բեռ (2013ին՝ 2060 թոն):
\n Թռիչքներու վայրէջքներու ընդհանուր թիւը Յունուար-Յունիսին կազմած է 4944՝ 2013ի 3846ի փոխարէն:
\n Նշենք, որ «Շիրակ» օդակայանին միջոցով այս տարուան Յունուար-Յունիսին Հայաստան եկած է 8303, մեկնած՝ 11,237 անձ:
\n \n