ԱՄՆ դատական ատեանը վերջ կու տայ Ուաշինկթընի Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի հարցին
Դատաւոր Ռապըրթ Լ. Ուիլքինզ «Աւելի քան 7 տարի եւ միլիոնաւոր տոլարներով դատական ծախսերէ ետք, առնչակից կողմերուն թանգարանի մը կառուցման երազի իրականացման համար աշխատանքի մեծամասնութիւնը ոչինչի համազօր դարձած է, ինչ որ ցաւալի է»
«Մոտեսթօ Պի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային վերադաս ատեան մը մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ծրագիրին շուրջ երկարատեւ դատական պայքարի մը։
Ուաշինկթընի շրջանի Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանը 37 էջ որոշումի մը մէջ միաձայնութեամբ վերահաստատեց 2011-ին կայացած դատավճիռը, որ թանգարանի կառուցման համար նախատեսուած կալուածի սեփականութիւնը կու տայ Գաֆեսճեան հիմնարկին։
Երեք դատաւորներէ բաղկացած խումբին որոշումը մերժեց այս հարցով նոր դատավարութիւն մը կատարելու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի (Armenian Assembly of America) դիմումը։ Ամէնէն յատկանշականը, սակայն այն էր, որ վերադատ ատեանը դժգոհութիւն յայտնեց թանգարանի կառուցման ծրագիրները ձգձգած երկարատեւ դատական հայցին նկատմամբ։
Դատաւոր Ռապըրթ Լ. Ուիլքինզ գրած է. «Աւելի քան 7 տարի եւ միլիոնաւոր տոլարներով դատական ծախսերէ ետք, առնչակից կողմերուն թանգարանի մը կառուցման երազի իրականացման համար աշխատանքի մեծամասնութիւնը ոչինչի համազօր դարձած է, ինչ որ ցաւալի է»։ Ան յոյս յայտնած է, որ արձակուած վճիռը այս հարցով վերջին խօսքը կ՚ըլլայ։
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հրայր Յովնանեան վճիռի արձակումէն ետք՝ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յոյս յայտնեց, որ Գաֆեսճեանի ժառանգորդները կը յարգեն Ճերի Գաֆեսճեանի դատարաններուն կատարած այն խոստումը, թէ կալուածը պիտի օգտագործուի թանգարանի մը կառուցման համար։
Գաֆեսճեան ընտանիք հիմնարկի հիմնադիր Ճերըլտ Գաֆեսճեան Ամերիկայի Հայկական Համագումարի բարերարներէն էր։ Անոնք միասնաբար ծրագրերցին 1915-էն 1923 ժամանակահատուածը ներկայացնող թանգարանի եւ յուշակոթողի կառուցումը։
2000-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարն ու Գաֆէսճեան Հիմնարկը Ուաշինկթըն քաղաքի կեդրոնին մէջ գնեցին Ուաշինկթընի ազգային դրամատան չորս յարկանի շէնքը։ Գաֆեսճեան ծրագիրը ֆինանսաւորեց եւ շէնքին կից եղող կալուածները գնեց այն պայմանով, որ կալուածները իր վերահսկողութեան տակ կ՚առնուին, եթէ ծրագիրը մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2010 չ՚աւարտի։
Գաֆեսճեանի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի յարաբերութիւնները հետագային վատթարացան, ինչ որ կալուածի վերահսկողութեան շուրջ երկարատեւ դատական պայքարներու դուռ բացաւ։