Դեկտեմբեր 05, 2025
Տիկին Ալիս Նաւասարգեան 100,000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին
- (0)
\n
Տիկին Ալիս Նաւասարգեան՝ դոկտ. Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեաններուն հետ. Դոկտ. Միհրան Աղպապեան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր տնօրէններէն է.
\n
ԵՐԵՒԱՆ.- «Անմահները» գիրքի հեղինակ, բարերար տիկին Ալիս Նաւասարգեան, իր ընտանիքին անունով եւ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Էդուարդ Նաւասարգեանի, հարիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին:
\n Համալսարանի տնօրէնութիւնը, գնահատելով սոյն նուիրատուութիւնը՝ որոշած է համալսարանի Ուսանողական սրահը վերակոչել Էդուարդ Նաւասարգեանի անունով: Արարատ լերան հայող այս սրահին մէջ ընդհանրապէս կը հաւաքուին ուսանողներ եւ դասախօսներ՝ զրուցելու, ժամանցի կամ ընթերցելու նպատակով:
\n