Ազնաւուր Կոչ Կ՛ուղղէ Փոխելու Հայրապետեանի Խափանման Միջոցը

\n

\n Շարլ Ազնաւուր մտահոգութիւն յայտնած է գործարար ու բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կալանաւորման առիթով եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն՝ փոխելու Հայրապետեանի նկատմամբ ճշդուած խափանման միջոցը՝ նկատի ունենալով անոր առողջական վիճակը: Ազնաւուր, որ բազմիցս հանդիպած է Լեւոն Հայրապետեանին, միշտ բարձր գնահատած է անոր գործունէութիւնը, որուն նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելն է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Artsakh Today մամուլի կեդրոնը:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.