12 հազար տոլար ի նպաստ սուրիահայութեան
Քէպէգի Սուրիհայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը Յուլիս 18, 2014 երեկոյեան ժամը 7։30-ին իր հանգանակային նուիրահաւաքի չորորդ ձեռնարկը կազմակերպեց Հայ Կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի Եկեղեցւոյ Իփէկեան Եղբայրք սրահէն ներս։
Հաւաքի ճաշի պատրաստութիւնը սիրայօժար ստանցնած էր գաղութի ծանօթ խոհարարապետ պրն․ Լեւոն Գաբրիէլեանը։ Նուիրահաւաքին մասնակցեցան աւելի քան 250 ազգայիններ։
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Գերյարգելի Տէր Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետ Զապարեանի, Վերապատուելիներ Ճինպաշեանի, Սվաճեանի և պատուելի Էյնէճեանի, Արժ․Տէր Գառնիկ Ա․ Քհնյ․ Գոյունեանի, որ կը ներկայացնէր Գանատայի Հայոց Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ Տէր Մեղրիկ Սրբազան Բարիքեանը և Լաւալի Սրբ․ Գէորգ Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ․Տէր Գաբրիէլ Քահանայ Գամայեանի։
Միացեալ մարմնի անդամ և հանդիսավար տիկ․ Ֆլորա Կիրակոսեան փոխանցեց կազմակերպիչ մարմնին խօսքը, ինչպէս նաեւ բացատրեց ձեռնարկին նպատակը։
Տիկին Կիրակոսեան բեմ հրաւիրց Գերյարգելի Տէր Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետ Զապարեանը որ իր կարգին հայերէն, ֆրանսերէն և արաբերէն լեզուներով անդրադարձաւ Սուրիոյ հայ գաղութի իրավիճակին մասին։
Ճաշէն ետք բեմ հրաուրուեցաւ տիկ․Աահիտ Պալեան, որ ասմունքեց սուիահայութան ցօնուած երկու կտորներ։
Օրուան պատգամաբերն էր Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ պրն․ Հրակ Չինչինեան, որ ներկայացուց Սուրիոյ հայ համայնքին կարեւոր դերը մեր պատմութեան մէջ։
Ընտանեկան այս մտերմիկ ճաշ հաւաքոյթին ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ որոնց համագումարը հասաւ մօտաւորապէս 12,000․000 տոլարի։ նշենք, որ Քէպէգի Սուրիհայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը նախապէս 40,000․00 տոլար փոխանցած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Ֆ․Կ․