Հայաստանի մէջ 10 հազար բնակիչի համար 70 բժիշկ
- (0)
\n
Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս Երեւանի, բժիշկներուն թիւը բնակչութեան հետ բաղդատելով շատ աւելի մեծ է, քան բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, ինչ որ կրնայ շարք մը խնդիրներ յառաջացնել։ Այս մասին յայտնած է մանկական վիրաբոյժ Շանթ Շխըրտիմեան՝ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (UCLA):
\n
Հայաստանի մէջ, Շանթ Շխըրտիմեանի համաձայն՝ 10 հազար բնակիչի համար կայ շուրջ 70 բժիշկ, մինչդեռ այլ երկիրներու մէջ նոյն բնակչութեան թիւը ունի 30-35 բժիշկ:
\n
Ըստ վիրաբոյժին՝ առաջին խնդիրը, որ կրնայ ծագիլ բժիշկներու մեծ թիւին պատճառով, այդ բոլոր բժիշկներուն եկամուտի ապահովումն է, որ յաւելեալ ծախս է համակարգին համար:
\n
Երկրորդ խնդիրը այն է, որ ոեւէ բժիշկ լաւ ու հմուտ վիճակի մէջ գտնուելու համար պէտք է ունենայ որոշ թիւով հիւանդներ, որպէսզի անոր գիտելիքները միշտ օգտագործուին: Օրինակ, արեւմուտքի մէջ ընդունուած է, որ վիրաբոյժը տարեկան ճշդուած նուազագոյն թիւով վիրահատութիւններ կատարէ՝ իր գիտելիքները գործնականացնելու եւ հմտութիւնները կատարելագործելու համար: Իսկ եթէ երկրին մէջ բժիշկներուն թիւը մեծ է, իսկ բնակչութեանը՝ քիչ, վիրաբոյժը չի կրնար իր գիտցածը յաճախակի կերպով օգտագործել եւ կրնայ որոշ բաներ մոռնալ։
\n