Տիգրանակերտի Մէջ Յայտնաբերուած Է Կանուխ Քրիստոնէական Շրջանի Եզակի Դամբարան
1731
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Արցախի Տիգրանակերտ շրջանին մէջ յայտնաբերուած է եզակի դամբարան. կանուխ քրիստոնէական շրջանի հրապարակի հիւսիսային հատուածը վերջնական տեսքի բերելու նպատակով կը մաքրուին կաւէ յատակներ, թոնիրներ եւ հորեր ունեցող 11-13րդ դարերու բնակելի-տնտեսական համալիրները: Այստեղ ամէնէն կարեւոր գիւտը նորաբաց երկրորդ եկեղեցւոյ արեւելեան խորանին տակ պեղուող կանուխ քրիստոնէական դամբարանն է: Ամբողջ աշխատանքը կատարուած է սրբատաշ մեծ կաղապարներով՝ ամուր կրաշաղախի օգնութեամբ: Ասիկա Աղցքի արքայական դամբարանի եւ Ամարասի Գրիգորիսի դամբարանէն ետք լաւապէս պահպանուած երրորդ կառոյցն է հայ կանուխ քրիստոնէական մշակոյթին մէջ: